ԼՕԽի Շրջանային Վարչութիւն — Լուրեր

Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի Սթոքհոլմի մեկուսի մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ ընկհ. Սիլվա Կիւլիւզեանը: Ան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, տեսակցութիւն ունեցաւ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ: Արծարծուեցան ՀՕՄ-ի Սթոքհոլմի մեկուսի մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու , մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ ԱՊԸԲ…

Աւելին
Սեմինար ՝«Խոհանոցէն Ներս Առողջապահական Գիտելիքներ» նիւթով:

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ձեռնարկած ճաշ պատրաստելու սեմինարները աւելի արդիւնաւէտ ձեւով ներկայացնելու միտումով, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ՝ Ազատուհի Սարգիսեան եւ Սանդուխտ Հերկելեան մասնակցեցան «Management Mix» ընկերութեան կազմակերպած միօրեայ սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Մարտ 2016-ի, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Խոհանոցէն Ներս Օգտագործուած Գործնական Առողջապահական Գիտելիքներ» նիւթով: Հետաքրքրական…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց Գանատայի Երիցական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը (The Presbyterian Church), ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանի եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ: Արծարծուեցան Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու եւ…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց «Ohio»-ի «The Presbytery Church»-էն պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) ատենապետ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանի եւ տեսակցութիւն ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանի, ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի…

Աւելին
Ճափոն 54,802 Ամ. Տոլարի Յատկացում Կը Կատարէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին

Երեքշաբթի, 26 յունուար 2016-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին եւ Ճափոնի դեսպանատան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որով դեսպանատունը 54.802 ամերիկեան տոլարի յատկացում մը պիտի տրամադրէ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ ճափոնական դեսպանատան մէջ` ներկայութեամբ դեսպան Սիչի Ուցուքայի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեանի, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 20 Յունուար 2016-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի Կիպրոսի մեկուսի «Սօսէ» մասնաճիւղի անդամուհիներէն՝ ընկհ. Մակի Մահտէսեանը: Ընկհ. Մահտէսեան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, հանդիպում մը ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Ան հիացմունքով արտայայտուեցաւ կեդրոնի մատուցած սպասարկութիւններուն մասին իսկ ԼՕԽ-ի յանձնախումբերուն եւ մասնաճիւղերուն…

Աւելին
ԼՕԽ-ի ծերունիները մասնակցեցան Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու Ժողովին կազմկերպած Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Խրախճանքին

Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու պետերուն եւ կազմակերպութեամբ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին (որուն մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը), երեքշաբթի, 12 յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի խրախճանքը` գաղութի անտէր եւ կարիքաւոր ծերունիներուն…

Աւելին
Փոքրիկներու Յատուկ Կաղանդի Ձեռնարկ

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի բարեսիրական գործունէութեան հաւատացող բարերարներն ու նուիրատուները բազմաթիւ են: Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներու նախօրեակին, Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը կազմակերպած էր յատուկ ձեռնարկ մը, որու ընթացքին 85 փոքրիկներ իրենց տարիքին յատուկ նուէրներ ստացան բարերարի մը օրինակելի եւ հպարտութիւն առթող…

Աւելին
Լիբանանեան Ստուար Ներկայացուցչութեամբ` Դաշնակցութեան 125-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի 8 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Հիլթըն-Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական, դիւանագիտական, ապահովական եւ հոգեւոր ստուար ներկայացուցչութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը ներկայ էր սոյն ընդունելութեան: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ցոլեր Թալաթինեան, որ հրաւիրեց…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը պարգեւատրեց իր բարերարներէն Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանը

Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը պարգեւատրեց իր բարերարներէն Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանը, որ տասը տարիներէ իվեր կը հոգայ 100-է աւելի կարօտեալներու եւ անտէր ծերերու շաբաթը միօրեայ ճաշը: 2004-ի աւարտին, Պր. Կիւլպէնկեանի առաջադրանքով եւ ֆինանսաւորումով, ԼՕԽ-ը սկսաւ 100 կարօտեալ եւ անտէր ծերերու շաբաթը մէկ օր տաք ճաշ հրամցնել: Բարերարին փափաքն էր, որ 100 ծերերէն 10-ը ըլլան արաբներ, առ ի երախտագիտութիւն Լիբանանի…

Աւելին
ՀՅԴ 125-Ամեակ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով, կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ դաշնակցական նահատակուած եւ մահացած նուիրեալներու, հերոսներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային…

Աւելին
Պաշտամունք բարերարուհի Վիքթորիա Ապումարաքեանի մահուան քառասունքին առթիւ

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, յատուկ պաշտամունքով մը յարգեց, շուրջ քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած, ԼՕԽ-ի բարերարուհի Վիքթորիա Ապումարաքեանի յիշատակը: Պաշտամունքի ընթացքին, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ներկայացուց Վիքթորիա Ապումարաքեանի կեանքի պատմականը: Ան դրուատիքով խօսեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին եւ գնահատեց…

Աւելին
Այցելութիւն

Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի կեդրոնական նորընտիր վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վեքիլեանը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Արծարծուեցան ԼՕԽ-ի գործունէութեան հետ առնչուող զանազան նիւթեր:

Աւելին
Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Ներկայացուց Իր Աշխատանքային Ռազմավարութեան Գործադրութեան Առաջին Տեղեկագիրը

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2015-ին, «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ ներկայացուց խորհուրդին մշակած 2011-2021 տասնամեայ աշխատանքային ռազմավարութեան գործադրութեան առաջին տեղեկագիրը` ներկայութեամբ լիբանանեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին էր նաեւ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ տարբեր նախարարութիւններու եւ…

Աւելին
Միջ-Մասնաճիւղերու Վարչութիւններու Ա. Ժողով (2015)

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր, 2015-ին, Ժիպէյլի «Հայ Կեդրոն»-ին մէջ, տեղի ունեցաւ նորընտիր վարչութիններու միջ-մասնաճիւղերու վարչութիւններու Ա. ժողովը: Ներկայ էին 106 վարչական ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբէն ընկերուհիներ եւ ՀՕՄ-ի Համահայկական 71-րդ Պագամաւորական ժողովին մասնակցած պատգամաւորները: ԼՕխ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Շրջանային…

Աւելին
ԼՕԽ-ը մասնակցեցաւ WCC-ի եւ MECC-ի եռօրեայ համագումարին

Գործակցութեամբ համաշխարհային եկեղեցիներու (WCC) եւ կազմակերպութեամբ Պէյրութի մէջ միջին արեւելքի եկեղեցիներու (MECC) արդարութիւն եւ ընկերային ծառայութիւն բաժանմունքի խորհուրդներուն, 6-10 Սեպտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ համագումար մը «Աստուածամօր Լերան» վանքին դասախօսութիւններու յատուկ սրահին մէջ, որու օրակարգին մաս կը կազմէին գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան առնչուող հարցեր: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան…

Աւելին
MECC  Ծրագիր (2015)

Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ծառայութիւն, Ընկերային Արդարութիւն Բաժանմունքին եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան Ֆինանսաւորութեամբ՝ ու ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ ընկերային պայմաններու բարելաւման ի նպաստ կազմակերպուած ճաշի եւ ձեռարուեստի դասընթացքները, որ ընթացք առած էին 15 մայիս 2015-ին, բաժնուեցան եռօրեայ չորս սեմինարներու, որոնցմէ երեք ճաշի սեմինարներ տեղի ունեցան ԱՊԸԿ…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն. Այցելութիւն Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

Հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2015-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան կարգ մը ընկերուհիներ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին, Հայ կաթողիկէ համայնքի նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: Շնորհաւորական եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններէն ետք, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին,ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄ-ի, յատկապէս ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը: Արծարծուեցան նաեւ զանազան նիւթեր, որոնք կ՛առնչուէին…

Աւելին
Բարերար Գագիկ Ծառուկեանի այցելութիւնը ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն

Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան, իր Լիբանանի մէջ հայկական կառոյցներ այցելութիւններու ծիրէն ներս, Շաբաթ, 25 Յուլիս 2015-ին, այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն: ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան ամփոփ կէտերու մէջ, ներկայացուց ԱՊԸԲ կեդրոնի աշխատանքները եւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը: Պրն. Ծառուկեան շրջեցաւ կեդրոնի բաժանմունքները, մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի…

Աւելին
Հայկական Իւրայատուկ Եւ Տպաւորիչ Երեկոյ` Ժունիէի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ժունիէի միջազգային փառատօնին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններուն, շաբաթ, 11 յուլիս 2015-ի երեկոյեան հայկական իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր Ժունիէի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ, ուր ամէն ինչ պարուրուած էր հայկական շունչով եւ դրոշմով: Յատկանշական էր, որ նման փառատօնի մը ծիրին մէջ երեկոյ մը ճշդուած էր հայկական մշակոյթին եւ…

Աւելին
Նպաստաբաշխում՝ Լիբանան ապաստանած 500 Սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու (2015)

Նախաձեռնութեամբ՝ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 9 Յուլիս եւ Ուրբաթ, 10 Յուլիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ, անգամ մը եւս տեղի ունեցաւ նպաստաբաշխում, Լիբանան ապաստանած 500 Սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու: Օժանդակութիւնը տրամադրուած էր Շաղուրի ընտանիքին կողմէ , որ կը միտէր յարգել իրենց վաղամեռիկ որդւոյն յիշատակը: Ընտանիքին փափաքն էր, որ իւրաքանչիւր…

Աւելին
Ցեղասպանութեան 100 Ամեակ (24 Ապրիլ 2015)

Ցեղասպանութեան 100 Ամեակ (24 Ապրիլ 2015) Ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, ուր Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս սրբալոյս միւռոնով վերաօծեց վերանորոգուած Ս. Նահատակաց մատուռը ,ապա Տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր կարգին…

Աւելին
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային  Վարչութեան

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յիշատակի երեկոն տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 մարտ 2015-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան, որ անդրադառնալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան ըսաւ, թէ ազգին համար ծնած միութեան պատմութիւնը գրուած է…

Աւելին
Դոկտ. Հրանուշ Խառատեանի այցելութիւնը

Ուրբաթ, 6 Փետրուար 2015-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց, հայրենի ազգագրագէտ Դոկտ. Հրանուշ Խառատեան եւ հանդիպում մը ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներուն հետ: Վարչութեան ատենապետուհին մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու, մասնաճիւղերու եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի գործունէութիւններուն մասին: Դոկտ. Խառատեան շրջեցաւ կեդրոնին մէջ եւ մօտէն…

Աւելին