ՀՅԴ 125-Ամեակ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով, կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ դաշնակցական նահատակուած եւ մահացած նուիրեալներու, հերոսներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա պանթէոնին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Զաւարեան ուսանողական միութեան, Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն կողմէ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Վիգէն Աւագեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ պանթէոնին մէջ հանգչողներուն անհանգիստ ու տարաբնոյթ գործունէութեամբ հարուստ կեանքին արժէքն ու կարեւորութիւնը հայութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան համար:
Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւնը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ի երգեցողութեամբ: