Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Կալուածոց Յանձնախումբ

Կալուածներու հարցով զբաղող այս յանձնախումբը սկսած է նախ որպէս ԼՕԽ-ի տնտեսական յանձնախումբ, ապա երբ բարերարներ յետ մահու իրենց կալուածները կը կտակեն ԼիբանանահայՕգնութեան Խաչին կարիքը կը զգացուի նման յանձնախումբի մը:

Յանձնախումբը որ մասնագիտացած անդամներէ կազմուած կ՛ըլլայ, կը հետապնդէ պետութեան մօտ իւրաքանչիւր կալուածի տարբեր հարցերու լուծման եւ օրինականացման գործընթացը:

Վարձւորներու համաձայնագիրներու գծով կու տայ իր կարծիքը ըստ որուն կը գործէ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Տարեցներու« Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան Սրտի Ճաշարան»-Ի Հանդիսաւոր Բացում

24 Յուլիս 2014-ին իւրայատուկ իրագործում մը աւելցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութեան տարեգրութեան մէջ: Մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ շրջանի բնակիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կողքին գտնուող տարածքը, ուր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, գետնայարկ նոր բարեզարդուած սրահի մը մէջ բացումը կատարուեցաւ «Տարեցներու Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան սրտի ճաշարան»-ին…

Աւելին
Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքը կիրակի, 7 հոկտեմբերին կորսնցուց Պէյրութի « Մեղրի » մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամուհիներէն Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանը, որ բովանդակ կեանքը ԼՕԽ-ի ճամբով իր ժողովուրդի ծառայութեան տրամադրելէ ետք, յետ մահու ծառայութեան օրինակ մըն ալ տուաւ, երբ իր ամբողջ ունեցուածքը կտակեց մարդասիրական մեր կազմակերպութեան՝ զայն տրամադրելու համար ծերերու, հիւանդներու, անօգնական պարագաներու եւ հայութեան…

Աւելին
Բոլոր լուրերը