Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքը կիրակի, 7 հոկտեմբերին կորսնցուց Պէյրութի « Մեղրի » մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամուհիներէն Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանը, որ բովանդակ կեանքը ԼՕԽ-ի ճամբով իր ժողովուրդի ծառայութեան տրամադրելէ ետք, յետ մահու ծառայութեան օրինակ մըն ալ տուաւ, երբ իր ամբողջ ունեցուածքը կտակեց մարդասիրական մեր կազմակերպութեան՝ զայն տրամադրելու համար ծերերու, հիւանդներու, անօգնական պարագաներու եւ հայութեան կարօտեալ զաւակներու կարիքներուն:
Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանի բարեգործութիւնը ապացոյցը տուաւ ԼՕԽ-ի հանդէպ անոր ունեցած մեծ հաւատքին ու գուրգուրանքին:
Աստուած յիշատակը անթառամ պահէ եւ ԼՕԽ-ին կտակած բարիքը բազմապատկուած ձեւով մեր ժողովուրդին բաշխէ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւն
