Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Ընկերային Յանձնախումբ

Ընկերային յանձնախումբի ծրագիրին հիմնական առանցքը Կազդուրման Կայանն է, որուն գաղափարը ծնունդ առաւ 1950-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Յանձնախումբը առիթներով Կազդուրման Կայանի ծնողները կը հրաւիրէ հանդիպումի մը, որուն ընթացքին կը ներկայացուին շինիչ դասախօսութիւններ ։

1989-ին յանձնախումբը իրագործեց պարտէզ-խաղավայրը Պուրճ Համուտի բնակչութեան զբօսնելու, նուիրատուութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան։

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Ձեռնարկ՝ Ի Նպաստ Կազդուրման Կայանի Փոքրիկներուն

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ին, կէսօրին The Bridge-ի كان يا مكان ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կազդուրման Կայանի փոքրիկներուն ի նպաստ ձեռնարկ, նախագահութեամբ՝ Տիկ. Հուրի Պապիկեանի։ Ձեռնարկին ներկայ էին շուրջ 100 հոգի։ Ընկերային յանձնախումբը երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ Կազդուրման Կայանի ի նպաստ այս ձեռնարկը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Մարօ Սալխանեան։ Ան իր խօսքին մէջ խիստ անհրաժեշտ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը` Հաճելին Եւ Օգտակարը Համադրող Ողջունելի Ծրագիր

Հայկականութեամբ, հարազատ շունչով ու մթնոլորտով յատկանշուող Այնճարի հանդարտ մէկ հատուածին մէջ, բնութեամբ շրջապատուած, դիմացդ կը յայտնուի 2013-ին Գըլպաշեան ընտանիքին նուիրատուութեամբ կառուցուած ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի սեփական շէնքը, որ կը կոչուի «ԼՕԽ-ի Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան կազդուրման կայան», եւ որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ 7 յուլիս 2013-ին: Այս տարուան ծրագիրը ընթացք առաւ 24 յուլիսին եւ աւարտեցաւ 13 օգոստոսին`…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, Ուրբաթ, 12 Մայիս 2017-ին, Այնճարի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ տեղի ունեցաւ կէսօրուան ճաշ, ի նպաստ կայանի փոքրիկներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, որ մասնակից…

Աւելին
Ամանորեայ Ձեռնարկ

Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի ու «Նարօտ Արտալճեան» գդադարանի փոքրիկները «Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ Նոր Տարի տօնեցին: Ձեռնարկը իրականացաւ շնորհիւ տիար Անդրանիկ Պալճեանի եւ որդիներուն կատարած եզակի նուիրատուութեան: Փոքրիկները երգեցին ու Կաղանդ Պապուկին հետ պարեցին: Ապա գեղեցիկ նուէրներով եւ ուտեստեղէնի ու միրգերու ծրարներով մեկնեցան իրենց տուները…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Ընկերային Յանձնախումբի Կազմակերպած Փոքրիկներու Յատուկ Ամանորի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Ընկերային յանձնախումբին, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ փոքրիկներու յատուկ Կաղանդի ձեռնարկը, շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Ամանորի աւանդական խրախճանքին ներկայ էին նաեւ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան յաճախող փոքրիկները: Շուրջ 73 փոքրիկներ, երկու ժամուան տեւողութեամբ, ԼՕԽ-ի…

Աւելին
Կազդուրման Կայանի Փակման Հանդէս

Կազդուրման կայանի 2016-ի ամրան փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ընկերային յանձնախումբի անդամներ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներ, Հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէն քոյր Թէօպիսթէ, Գըլպաշեան ընտանիքի անդամները, բարերարներ, հայրենակիցներ եւ ծնողներ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը