Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Քարոզչական Յանձնախումբ

ԼՕԽ-ի Քարոզչական յանձնախումբը կ՛օգտագործէ բոլոր տեսակի առիթները ԼՕԽ-ի գործն ու դերակատարութիւնը ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու համար, իւրաքանչիւրիրականացած ձեռնարկի մասին մամուլով, ձայնասփիւռով, պատկերասփիւռով անդրադառնալով։

Կամաւորներու աշխատանքը գնահատելու եւ կամաւոր աշխատանքի գաղափարն ու բնոյթը երիտասարդ սերունդին աւելի մօտեցնելու նպատակով, կը նշէ «Կամաւորներու Միջազգային Օր»ը,նոր տարուան սեմին կը պատրաստէ ԼՕԽ-ի օրացոյցը, որ մշակոյթի եւ ազգային թեմաներով պատրաստուած յատուկ բնոյթ կը պարզէ։

Կը կազմակերպէ «Տարեկան Հանգանակութիւն» ծրագիրը, կը պատրաստէ երկամեայ «Տեղեկատու»ն, ուր կը ներկայացուի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու, յանձնախումբերու, Ա.Պ.Ը.Բ. կեդրոնի եւՇրջանային Վարչութեան գործունէութիւնն ու ծրագիրը։

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին. Մանուկներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը արտասովոր եռուզեռի մէջ էր: Հայկական վարժարաններու հարիւրաւոր աշակերտներ փութացած էին սրահ` մասնակցելու Մանուկներու միջազգային օրուան տօնակատարութեան: Այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը կազմակերպած էր ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Լիբանանի…

Աւելին
Մանուկներու Օրուան Նշում` Անոնց Իրաւունքները Յարգելու Կոչով

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն: Լիբանանի…

Աւելին
ԼՕԽ-Կամաւորներու Օրուան Նշում. «Նոր Սերունդը Պէտք Է Այս Կամ Այն Ձեւով Մօտեցնենք Մեզի Եւ Պատրաստենք Կամաւոր Աշխատանքի», Հաստատեց Տոքթ. Իշխան Եղիայեան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 9 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած հանդիսութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան, որ…

Աւելին
Վիգէն Դարբինեան` ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ

Երէկ` երկուշաբթի, 12 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիպում մը հայկական երգի ու երաժշտութեան հարազատ մեկնաբան Վիգէն Դարբինեանին հետ, որ աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւողութեան երգեց իր հին ու նոր երգերէն` խանդավառութեան, միաձուլուած ապրումներու, յուզումի, բաժանումի ու միացման, տարբեր տեսակի սիրոյ, պայքարի եւ այլ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Աշակերտական Նախաձեռնութիւնը Կը Պսակուի Յաջողութեամբ

ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առիթով եւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գործակցութեամբ, երէկ, կէսօրին, Պուրճ Համուտի, Զալքայի, Անթիլիասի եւ Տըպպայէի մէջ հաստատուեցան յատուկ անցարգելներ, ուր աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին հանգանակութեան աշխատանքին: ԼՕԽ-ի դրօշներով եւ միութեան նշանակը կրող շապիկներով ու գլխարկներով հանգանակութիւն կատարող աշակերտներուն մօտ ակներեւ էր անոնց խանդավառութիւնը հանգանակութեան դրամահաւաքով…

Աւելին
Ինքզինք Պարտադրող Պատգամը (ԼՕԽ-ի Տարեկան Հանգանակութեան Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Տնօրէն Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի Ուրախութիւն է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Ուրախութիւնը կը ծնի այն բարիքէն եւ գուրգուրանքէն, որ մեր ժողովուրդին կու գայ ԼՕԽ-ի ճամբով: Միաժամանակ պատիւ է վկայել ԼՕԽ-ի մասին: Կազմակերպութեան մը մասին, որ 87 տարուան ծառայութիւն ունի լիբանանահայութեան: 87 տարին քիչ ժամանակ չէ: 87 տարի կ’ըսենք եւ տարիներէն իւրաքանչիւրին մէջ կը տեսնենք հարիւրաւոր ԼՕԽ-ականներու նուիրումը, ջանքը…

Աւելին
Բոլոր լուրերը