ԼՕԽի Շրջանային Վարչութիւն — Լուրեր

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան  "Տաք Ճաշ"ը

Երբ "Տաք Ճաշ" ըսենք, անմիջապէս մեր առջեւ կը պարզուի Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութիւնը։ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութիւնը ունի զանազան յանձնախումբեր, իրեն վիճակուած պարտաւորութիւնները յաջողութեամբ պսակելու ու ծառայելու հանրութեան։ Այս յանձնախումբերէն է Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը, որ տարիներով յանձն առած է պատրաստելու, ծրարելու ու հրամցնելու իր շատ սիրելի պարագաներուն, որոնք ամէն Չորեքշաբթի գոհունակութեամբ…

Աւելին
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը հովանաւորէ «Տաք Ճաշ»ը:

Չորեքշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2026-ին Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը պատրաստեց եւ հրամցուց «Տաք Ճաշ»ը իր պարագաներուն: Այս շաբաթ Լ.Օ.Խ.ի «Ազիրեան» մասնաճիւղէն երկու ընկերուհիներ իրենց աջակցութիւնը բերին «Տաք Ճաշ»ի պատրաստութեան թեթեւցնելու համար խոհանոցի յանձնախումբին կամաւոր ընկերուհիներու աշխատանքը: Այս շաբթուայ ճաշին մէջ օգտագործուած մսեղէնը տրամադրեց «Dekerco» հաստատութիւնը: Լ.Օ.Խ.ի երեք մաստաճիւղեր…

Աւելին
«Տաք Ճաշ»ը Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ

Լ.Օ.խ.ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան»խոհանոցը այս շաբաթ եւս պատրաստեց գաղութիս կարիքաւոր պարագաներու «Տաք Ճաշ»ը Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ ։ «Decerco» հաստատութիւնը իր կարգին նուիրեց այս շաբթուայ ճաշին օգտագործուելիք մսեղէն եւ կանաչութիւն իր մօր՝ Վարդուհի Տէքիրմէնճեանի հոգւոյն համար,տեղին է նշել ,որ ընկերուհի Նելլի Աղասարգիսեան AC մը նուիրեց մեր խոհանոցին ։ Վարձքը կատար Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական…

Աւելին
Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը պատրաստեց «Տաք Ճաշ»-ը

Այս շաբաթ անգամ մը եւս Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը պատրաստեց ու բաժնեց իր կարիքաւոր պարագաներուն «Տաք Ճաշ»-ը : Ամէնուս ծանօթ է որ «Տաք Ճաշ»-ը կը հովանաւորէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը: Սակայն ասոր կողքին Լ.Օ.Խ.-ի մեծ ընտանիքը ունի ՀՕՄուհիներ, բարեկամներ, բարերարներ, նուիրատուներ եւ ընկերուհիներ, որոնք իրենց կարգին կ՛օժանդակեն այս նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու համար : Այս շաբաթ դարձեալ երկու…

Աւելին
Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Տաք Ճաշը»

Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է թէ «Տաք Ճաշը» որ շաբաթական դրութեամբ կը պատրաստուի ու կը բաժնուի Լ.Օ.Խ.-ին վիճակուած կարիքաւոր պարագաներուն կը հովանաւորէ Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական վարչութիւնը: Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցը այս շաբաթ դարձեալ պատրաստեց «Տաք Ճաշը» ուր «Decerco» հաստատութիւնը տրամադրեց օրուայ ճաշի մը օգտագործուելիք հաւեղէնը, ի յիշատակ իր շատ սիրելի մօր` Վարդուհի Տէքիրմէնճեանի որ միշտ նեցուկ կը…

Աւելին
«Ժողովուրդէն Ժողովուրդին»

«Ժողովուրդէն Ժողովուրդին» նշանաբանով՝ Լ.Օ.Խ.ի Շրզանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցը այս շաբաթ ալ պատրաստեց իրեն վիճակուած գաղութիս կարիքաւոր պարագաներուն «Տաք Ճաշը»։ Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութիւնն է որ կը հովանաւորէ այս նախաձեռնութիւնը։ Վարձքը կատար Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան։ Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին։

Աւելին
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանէն ներս միօրեայ աշխատանիստ մը

Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2026-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ միօրեայ աշխատանիստ մը , արծարծելու համար «ՍԻՄԱ» ծրագրին իրագործած փուլերն ու հետագային մշակելիք ծրագիրները։ «ՍԻՄԱ» ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Գերմանական կառավարութեան կողմէ` KFW դրամատան միջոցով եւ կ'իրագործուի ՄԱԿ-ի Ծրագիրներու ծառայութիւններու գրասենեակին՝ UNOPS կողմէ։ ԼՕԽ-ի կողմէ հանդիպման…

Աւելին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր զինք դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ…

Աւելին
Շնորհաւորագիր` «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութիւնը կու գայ ջերմօրէն շնորհաւորելու «Ազդակ» օրաթերթի 95-ամեակը` մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ: «Ազդակ»-ը հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր եղած է ու կը մնայ Լիբանանի, սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն շաղկապը: Այս առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին…

Աւելին
Լ.Օ.Խ.-ի Մանուկները Տօնական Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ Տօնեցին Կաղանդը

Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2019-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տօնական եռուզեռ կը տիրէր: Երաժշտութիւն, մանուկներու խայտանքի ճիչեր պարուրած էին Կեդրոնը: Արդարեւ, ԼՕխ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի եւ «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» Կազդուրման կայանի աշակերտները փութացած էին կեդրոն` ամանորեան անմոռանալի եւ ուրախ պահեր անցընելու, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ընկերային…

Աւելին
Հանդիպում Ամէլ կազմակերպութեան հետ

Ընդառաջելով "Ամել" (عامل) միջազգային կազմակերպութեան հրաւէրին, Երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2021֊ին, ԼՕԽ֊ի Շրջանային Վարչութեան դիւանը եւ "Արաքսի Պուլղուրճեան" ընկերաբժշկական Կեդրոնի տնօրէնուհին այցելեցին Մըսէյթպէի "Ամել" Կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցան կազմակերպութեան հիմնադիրին՝ Տոքթ. Գամել Մհաննայի, Կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին հետ։ Հանդիպման ընթացքին Տոքթ.Մհաննա ներկայացուց կազմակերպութեան 42 ամեայ գործունէութիւնն ու…

Աւելին
Լ.Օ.Խ.-ի Մանուկները Տօնական Ուրախ Մթնոլորտի Մէջ Տօնեցին Կաղանդը

Բարերարութեամբ պրն. Շանթ Գլպաշեանին, այսօր Լ.Օ.Խ.-ի « Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի եւ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի փոքրիկները հաճելի ժամեր անցուցին «Նուռ» ճաշարանին մէջ, ուր համտեսեցին հայկական ճաշեր եւ ունեցան անակնկալ ճոխ պահեր:

Աւելին
Ընկերային Բարօրութեան Նախարարի Այցելութիւնը

Ընկերային Բարօրութեան նախարարի պաշտօնակատար՝ Ռիշար Գույումճեան այսօր, 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, այցելեց «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան հետ։ Այցելութեան ներկայ էին Պետական Երեսփոխան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Նելլի Վեքիլեան:

Աւելին
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի, 27 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհիին, այցելութիւն մը տուաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հայցելու իր օրհնութիւնը։ Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացուց վարչութեան ծրագիրները, անդրադարձաւ հայ կարիքաւոր մանուկներու եւ…

Աւելին
Բարերարի Այցելութիւն

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2019-ին, "Վարդուհի Տէկիրմէնճեան" խոհանոցի բարերար՝ Տիար Պերճ Կիւլպէնկեան այցելեց «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի ճաշարան եւ հանդիպում ունեցաւ խոհանոցի տարեցներուն հետ, անցնելով հաճելի ժամեր:

Աւելին
Պուլղուրճեան ընտանիքի այցելութիւն

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2019-ին, "Ա. Պուլղուրճեան" ընկերաբժշկական կեդրոնի բարերարներու ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան այցելեց "Վ.Տէկիրմէնճեան" խոհանոցի տարեցներուն, որոնց հետ հաճելի ժամանց ունեցան։ Բարերարները, Նոր Տարուան առիթով, տարեցներուն ապահովեցին նաեւ ուտեստեղէնի ծրարներ։

Աւելին
ՅԱՍՄԻԿ ԴԱՆԻԷԼ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ  «ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ» ՆԻՒԹԸ

Շաբաթ, 16 նոյեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Օրուան դասախօսն էր վարուելակերպի հարցերու մասնագէտ Յասմիկ Դանիէլ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Նազելի Աւագեան: Ան յայտնեց, որ մեր օրերուն, յատկապէս վերջին ժամանակաշրջանին մեր ընկերութիւնը…

Աւելին
Քարոզչական Յանձնախումբի «Կամաւորներու Օր»-ը Անգամ Մը Եւս Լուսարձակի Տակ Առաւ ԼՕԽ-ի Առաքելութիւնը

ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներու նուիրուած երախտագիտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներ: ՀՕՄ-ի…

Աւելին
Միջ-Վարչական ժողով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան միջ-մասնաճիւղային Ա.ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Ազգ. Միացեալ վարժարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներու։ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` ընկհ. Սիլվա Սապունճեան կատարեց Շրջանային Վարչութեան փոխանցումները։ Կազմակերպական յանձնախումբի ատենապետ` ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան խօսեցաւ <<Ատենապետի եւ Ատենադպիրի դերեր>>ուն…

Աւելին
ՀՕՄ-ի «Ամանոր Ծրագիր»

ՀՕՄ-ի «Ամանոր Ծրագիր»էն յատկացում կը ստանան մեր շրջանէն Թռչնոց Բոյնը, ՔԱՀԼ ծերանոցը եւ Զուարթնոց Կեդրոնը։ Չորեքշաբթի, 1Մարտ 2022-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց ՔԱՀԼ ծերանոց եւ Զուարթնոց Կեդրոն, ծանօթացման հանդիպումներ ունենալու տնօրէններուն հետ եւ յանձնելու ՀՕՄ-ի «Ամանոր Ծրագիր»ի իւրաքանչիւրին յատկացումը։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հաստատութիւններու դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ներկայացուեցան ապագայ ծրագիրները։

Աւելին
Լ.Օ.Խ.-ի Ննջեցեալ Բարերարներու Եւ Անդամուհիներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգիստ

Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցան Լ.Օ.Խ.-ի առաքելութեան հաւատացող հաւատաւոր անդամներ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մարդասիրական մեծ կազմակերպութեան` Լ.Օ.Խ.-ի ճամբով իրենց անմնացորդ լուման եւ ծառայութիւնը ներդրած ննջեցեալ բարերարներուն եւ անդամներուն: Արդարեւ, հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան…

Աւելին
Յարգանքի տուրք հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, 24 Ապրիլ ծաղկեպսակ զետեղելով Անթիլիասի մայրավանքի ցեղասպանութեան զոհերու մատրան առջեւ 24 Ապրիլ 2018-ին առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալէիմէզեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ…

Աւելին
Միջ-Մասնաճիւղերու Վարչական Բ. Ժողով

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան միջ-մասնաճիւղային երկրորդ ժողովը տեղի ունեցաւ 4 Ապրիլ 2019-ին , առաւօտեան ժամը 10:00–ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներուն: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ կատարեց Շրջանային Վարչութեան փոխանցումները: Ժողովէն ետք, տեղի ունեցաւ ատենապետուհիներու…

Աւելին
Ատենապետներու Ժողով - Հանդիպում

Հինգշաբթի, 4 Ապրիլ 2019-ին , ժամը 12:00–ին, կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան տեղի ունեցաւ ատենապետուհիներու ժողով – հանդիպում, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցաւ մասնաճիւղերը յուզող հարցերը: տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում, որու աւարտին կատարուեցան շինիչ առաջարկներ մասնաճիւղերու յառաջիկայ աշխատանքներու գծով:

Աւելին