ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Հուրի Պաժիկեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան, կատարեց բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան առաջին ձեռնարկը եղաւ շրջապտոյտ մը դէպի Զահլէ եւ Այնճար, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Յուլիս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիկեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Առաւօտուն, պտոյտին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Պէքաայի Զահլէ քաղաքը: ԼՕԽ-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը դիմաւորեց զիրենք…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տըքուէնի) կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիկեանի, հիւրերու եւ անդամուհիներու: Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Տէր գէորգեան, կատարեց ձեռնարկին բացման խօսքը: Ան շնորհակլութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ տիկին…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ Տքուէնի շրջանի ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի,10 Մայիս 2016-ին, տեղի ունեցաւ Մայրերու Օրուան եւ Համբարձման զոյգ տօներուն առիթով կազմակերպուած ձեռնարկ մը, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Այտա խուստեքեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Ձեռնարկին բացումը կատարեց փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինՍուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան (Տիգուէյնի) կազմակերպած «Միջինք»-ի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Այտա Խուստէքեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Տէր Գէորգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ներկայացուց օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանը, ապա հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր…
Աւելին«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
ԱւելինՏքուէյնի շրջանի մէջ գործող ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութիւնը նախաձեռնած էր ընկերային հանդիպում մը, Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ին, վարչութեան ժողովասրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Այտա Խուստէքեանը, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, համակիրներ եւ հիւրեր: Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկհ. Ժագլին Ագլեան, լուսարձակի տակ առնելով ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութիւնը եւ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ «Ջ. Շանթ» մասնաճիւղին, «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Մայիս 2015-ին, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, Տըքուէնի։ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Այտա Խուստեքեանին, շրջանի ընկերուհիներուն եւ հիւրերուն, անդրադարձաւ հայ մօր առաքելութեան…
ԱւելինՄայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Չաւօ Շանթ» մասնաճիւղը Տիքուանիի իր ակումբին մէջ կազմակերպեց պահքի ճաշերու մատուցման ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ 13 մարտ 2014-ին: Ներկայ էին շուրջ 50 ԼՕԽ-ականներ եւ հիւրեր: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք վարչութեան ատենապետ Ժագլին Ագըլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեանը, որ խօսեցաւ միջինքին եւ պահեցողութեան մասին: Յայտնենք, որ հրամցուած ճաշերը պատրաստած էին վարչութեան…
ԱւելինԱմէն տարի կը տօնուին եկեղեցական եւ ազգային տօներ, ինչպէս որ մայրերու օրը կը տօնեն բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, մասնաւորապէս` կնոջական միութիւններ, յատուկ հանդիսութեամբ, յարգանքի, երախտագիտութեան եւ մաղթանքներուն միացնելով նուէր մը, փունջ մը ծաղիկ: Հինգշաբթի, 30 մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի «Ջ. Շանթ» մասնաճիւղը Տըքուէնիի շրջանի կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր ձեռնարկ մը` մայրերու օրուան առթիւ: Ներկայ էին շրջանի մայրերն ու մեծ մայրերը…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 31 մայիս, 2011-ին Զմմառու մայրավանք այցելեցին ԼՕԽ-ի Ջաւօ Շանթ մասնաճիւղի անդամները: Տարեկան շրջապտոյտ-ուխտագնացութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Զմմառու վանքի պատմութեան, տեսնել անոր հոգեւոր եւ ազգային հարստութիւնները: Արդարեւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին խումբը հասաւ Զմմառ, ուր վանքին դպրապետ եւ մատենադարանապետ հայր Նարեկ Լուսինեան բարի գալուստ մաղթեց եւ հերթաբար բացատրութիւններ տուաւ վանքին հիմնադրութեան մասին…
ԱւելինԼՕԽ-ի Ջ. Շանթ մասնաճիւղը 15 դեկտեմբերին Տըքուէնիի ակումբին մէջ կազմակերպեց հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան ԼՕԽ-ականներ ու բարեկամներ։ Մասնաճիւղի ատենապետ Ժաքլին Աքլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մնայուն կերպով կը քաջալերեն միութիւնն ու մասնաճիւղը, նաեւ տարուած աշխատանքը՝ մաղթելով ուժ, յաջողութիւն, առողջութիւն եւ վերելք։ Ապա մարզաբուժութեան (ֆիզիոթերափի) մասնագէտ Յարութ Ուղուրլեան խօսեցաւ մարզանքի…
Աւելին











