Վերոյիշեալ խորագիրով է ահա՛, որ յունուար 2018-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին «Թերթիկներու գրքոյկ»-ը: Գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ հարիւր տասներեք (113) էջերէ եւ կը բովանդակէ ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբին վերջին քսան տարիներու պատրաստած երեսունվեց (36) թերթիկները, որոնք ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն հրամցուած են մասնաճիւղերու հերթական ժողովներու…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Եւ Կնքամայրութեամբ Թագուհի Ատալեանի. 175 Հայուհիներ Ուխտեցին Ծառայել Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շրջանային կազմակերպչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 փետրուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի երդման յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին 175 հայուհիներ ուխտեցին սիրայօժար կերպով…
ԱւելինԼՕԽի Շրջ. Վարչութեան Կազմակերպչական Յանձնախումբ Կազմակերպչական թերթիկ թիւ 2 Փետրուար 2017 Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 17 Նոյեմբեր 1999ին որոշում տուաւ 21 Փետրուարը մայրենի լեզուի օր հռչակել: Այս որոշումը կը միտի այն իրողութենէն, որ լեզուները հետզհետէ սխալ կը խօսուին եւ կը գրուին, այսինքն վայրէջքի մէջ կը գտնուին: Այս նկատառումով է ահա, որ ՄԱԿը կը թելադրէր ժողովուրդներուն, որ գուրգուրան իրենց մայրենի լեզուներուն վրայ:*…
ԱւելինԼ.Օ.Խ.ի 57-րդ պատգամաւորական ժողովը, այլ որոշումներու կարգին, որոշում տուած էր՝ մասնաճիւղերու նորընտիր վարչութիւններու գործունէութիւնը աւելի հեզասահ դարձնել: Այս որոշումի իրագործման ճամբուն վրայ, ժողովը կը թելադրէր կազմակերպել հաւաքներ, որոնց ընթացքին բացատրել մասնաճիւղերու վարչութիւններու դիւանի անդամներու պարտաւորութիւնները, պարտականութիւններն ու իրաւունքները: Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումը իր…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Կազմակերպչական Յանձնախումբը 2001 թուականին ձեռնարկած էր Միութենական Փոքրիկ բառարանի մը պատրաստութեան ,որովհետեւ յաճախ միութենական բառամթերքը ճշգրտօրէն չ’օգտագործուիր: Բառարանին մէջ տեղ գտած են ժողովներու ընթացքին գործածուող բառեր իրենց համապատասխան բացատրութիւններով: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը որոշեց, ԼՕԽ-ի դիմատետրով , շաբաթական դրութեամբ, հերթաբար ներկայացնել բառարանին բովանդակութենէն բառեր…
Աւելին«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
ԱւելինՇաբաթ, 5 փետրուարը իւրայատուկ օր մըն էր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքին համար։ Արդարեւ, այդ օր, առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը լի էր խաչուհիներով եւ ԼՕԽ-ի նորագիրներով, որոնք եկած էին իրենց ուխտը կատարելու՝ կնոջական այս մեծ կազմակերպութեան անդամակցելով։ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբին կազմակերպած ուխտի արարողութեան հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի…
Աւելին




