Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2018-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, նշեց իր հիմնադրութեան 70-ամեակը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Նայիրի Ընգապապեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի 70-ամեայ գործունէութեան, անխոնջ աշխատանքին, նուիրումին եւ զոհաբերութեան: Խօսքի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան(Թրատ) կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Ս. Ազնաւուրեան» սրահին մէջ։ ԼՕԽ-ի Քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ՝ ընկհ. Անի Գէլխաչերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին եւ նեցուկին համար, որոնց շնորհիւ…
ԱւելինԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, «Շուշանիկ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը իր գործունէութեան որպէս առաջին ձեռնարկ կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի «Այն Պարուք», որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, պտոյտը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի (Թրատ) վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը «Մայրերու Օր»ուան առիթով դէպի Այնճար, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Մայիս 2017-ին: Պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեան, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ընկերուհիներ: Շթորայի «Թաանայէլ« ագարակին մէջ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2016-ին, Նիկոլ Դուման ակումբի սրահին մէջ կազմակերպեց ընկերային հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու։ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, վարչութեան ատենապետուհին կատարեց ձեռնարկին բացումը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ըսելով, որ…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «White Tower» պանդոկի «Արարատ Փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեանի, հրաւիրեալներու, ընկերուհիներու…
Աւելին«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
ԱւելինՇաբաթ,19 Դեկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սիմոն Եահնիեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ամանորի խրախճանքը մանուկներու եւ տարեցներու համար, որոնք մէկտեղուեցան նոյն սրահին մէջ: Օրուան հաղորդավարն էր Փաթիլ Մկրտիչեան, որ իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է այս հաւաքոյթը՝ որուն նպատակն է ժպիտ դրոշմել տարեցներու դէմքերուն եւ…
ԱւելինԹրատ շրջանի ,ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 13 Նոյեմբեր 2015-ին, կազմակերպած էր ձեռնարկ մը «Ընկերային Հանդիպում» անուան տակ, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու: ԼՕխ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Մարօ Ընգապապեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինԼՕԽ-ի մարդասիրական, առողջապահական, կրթական, ընկերային, քարոզչական եւ այլ գործունէութեանց հետ զուգահեռ, իր հիմքը հանդիսացող խարիսխը` իր մասնաճիւղերը, իրենց տարեկան ծրագիրներուն մէջ կը ներառեն այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք կը նպաստեն անդամուհիներուն եւ համակիրներուն հոգեկան խաղաղութեան, առիթ կը ստեղծուի իրենց մոռնալու առօրեայի տառապանքները, երկրի աննպաստ պայմաններու պատճառով ստեղծուած տագնապները եւ որպէս մարդ` իրաւունքը ունենալու…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2015-ին: Դաշտագնացութիւնը ընթացք առաւ վեց փոխադրակառքերով, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Քաղաքապետարանի դաշտին կից գտնուող կառատունէն: Ներկայ էր նաեւ շրջանի պատկան մարմնի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Մըխսեան: Մասնակիցները առաջին հերթին այցելեցին «Էմիուն»-ի «Մար Ժըրժոս» ուխտատեղին, ապա՝…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի (Թրատ) կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուայ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 5 Մայիս 2015 Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Ս. Ազնաւուրեան» սրահին մէջ։ Շուրջ 100 ներկաներ մուտքին ստացան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներ։ Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ՝ ընկհ. Մարօ Ընգապապեան. ան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային…
ԱւելինԼՕԽ-ի « Թրատ» շրջանի ,«Շուշանիկ» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2014- ին, կ. առաջ ժամը 10:00-էն սկսեալ շրջանի «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, Կազմակերպաչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու Տիկնանց միութիւններ, ծնողաց…
ԱւելինՄայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 20 փետրուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիսի տօնին նուիրուած ձեռնարկ, ներկայութեամբ մասնաճիւղի մօտ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ականներու եւ այլ հիւրերու: Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, 5 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Նիկոլ Դուման ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` ներկայութեամբ աւելի քան 100 անձերու: Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն մասնաճիւղի ձեռնարկները: Գասպարեան նկատել տուաւ, որ ազգը ոտքի պահողը իր…
ԱւելինԱնցնող շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջապատը, որովհետեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր, եւ այդ առիթով` նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի, տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն: Արդարեւ, 23 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն եկեղեցւոյ շրջապատը զետեղուեցան կրպակներ, որոնք կը ներկայացնէին Բալուի եւ Մարաշի հայրենակցական…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, 20 օգոստոսին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տարեկան դաշտագնացութիւնը: Աւելի քան 170 հայուհիներ, ԼՕԽ-ականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն պտոյտին: Այս տարի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի պտոյտը կը ներառէր այցելութիւն դէպի Մար Ապտա ուխտատեղին, Ժէհիթա քարայրը եւ Հարիսա: Ճաշի ընթացքին խօսք առաւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ առողջապահական յանձնախումբին եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոնի նախազգուշականբաժանմունքին, արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւը որ ընթացք առած էր 21 Ապրիլ 2013-ին, իր վերջին հանգրուանին հասաւ Ուրբաթ 31 Մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4-9, Ամանոսի«Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբէն ներս, գործակցութեամբ շրջանի եւ «Նիկոլ Դուման» ակումբի պատկան մարմիններուն, եւ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգռաբթի 18 ապրիլ, 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ճաշարան «Մշարապիէ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 65-ամեակի նշում: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկին յաջողութեան…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ » մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 21 փետրուարի 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ պահքի հաւաքոյթ-ճաշ: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի` Պերճուհի Գասպարեանը: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի…
ԱւելինԺողովրդային տօնախմբութիւնները մեր ազգային աւանդութիւնները եւ տոհմիկ սովորութիւնները վերապրեցնող ձեռնարկներ են: Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը աւանդական իր մատաղ օրհնէքին կողքին կազմակերպած էր ժողովրդային տօնակատարութիւն մը՝ Աստուածածնայ տաճար ընծայման տօնին առիթով, որ սովորաբար կը նկատուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Ձեռնարկը համադրողը՝ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն էր…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ դաշտագնացութիւն դէպի Պաթրուն: Աւելի քան 100 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ համակիրներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն մեծ խանդավառութեամբ ուղղուեցան դէպի Քաղաքապետարանի դաշտ, ուր իրենց կը սպասէին հանրաշարժները: Դաշտագնացութիւնը սկսաւ սրբավայրերու այցելութեամբ: Խումբը այցելեց Ռաֆաա սրբատեղին…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, 22 մայիսին «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհաւորեց Մայրերու տօնը` մաղթելով բոլորին երջանիկ եւ բարեբեր տարի մը, որմէ ետք հրաւիրեց օրուան բանախօս Աբգարեան վարժարանի…
Աւելին





















