«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր  ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:

Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:

«Շուշանիկ» Մասնաճիւղ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 9 մայիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Նիկոլ Դուման ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհաւորեց մայրերու տօնը եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնք այս ձեռնարկին համար սիրուն յուշանուէրներ տրամադրած էին, ինչպէս` «ԱՖՀԻԼ» հաստատութիւն, որ տրամադրեց գրիչներ, «Նիվիա» ընկերութիւն, նաեւ Աշոտ Մսըրլեան, որ տրամադրեց փոքրիկ ծաղկեկողովներ, նաեւ «Այանեան» հաստատութիւնը, որ տրամադրեց օրուան բախտաւոր մօր նուէրը: Ապա ան հրաւիրեց օրուան դասախօսը` տիրամայր Սոնա Աշգարեանը, որ փոխանցէ իր խօսքը: Ան նկատել տուաւ, որ մայր բառը հոմանիշ չունի, որովհետեւ մայրը այն անձն է, որ կը զոհուի առանց փոխարէնը սպասելու: Ան շեշտեց, որ ընտանիքը շատ արժէքաւոր է, որովհետեւ ընտանիքի արմատէն կը բխի բարեկրթութիւնը, քաղաքավարութիւնը, մարդակերտումը: «Մայրը տան սիրտն է» հաստատեց տիրամայր Աշգարեան` աւելցնելով, որ կեցուածքը, վարուելակերպը, շարժուձեւը, հոգածութիւնը, զոհողութիւնը, յարգանքը, բարեպաշտութիւնը, բարեսրտութիւնը, ազնուութիւնը ինքնաբերաբար կը փոխանցուին զաւկին: «Աստուած օրհնէ բոլոր հայ մայրերը, հայ ընտանիքները եւ մեզի առողջ սերունդ` պարգեւէ մեր մայրերուն գիտակցութեամբը», եզրափակեց տիրամայր Աշգարեան:

Գեղարուեստական բաժնով Մարինէ Եսայեան ասմունքեց «Խօսք իմ որդուն» եւ «Մայրս» բանաստեղծութիւնները: Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն Դրօ Միրզայեան ասմունքեց «Դերենիկը» եւ «Մօր ձեռքերը», իսկ օրուան երգիչն էր Նշան Հաննէշեան:

Ձեռնարկի ընթացքին պարգեւատրուեցան երիցագոյն մայրերը, որոնք թիւով 3 էին ներկաներուն մէջ եւ ստացան յուշանուէրներ: