Շուշանիկ — Լուրեր

ԼՕԽ-Ի Առօրեայէն. «Շուշանիկ» Մասնաճիւղ

Հինգշաբթի, 23 փետրուարին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ-ճաշ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հաստատեց, որ «Շուշանիկ» մասնաճիւղը կը գոյատեւէ շնորհիւ իր անդամներուն հաստատ կամքին առողջ իմացականութեան եւ մասնաճիւղի ձեռնարկները միշտ քաջալերելու գիտակցութեան: Այնուհետեւ ան բարի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղ. ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ ամանորի առիթով տեղի ունեցաւ խրախճանք: Սրահի մուտքին վարչութեան անդամները տոպրակով մրգեղէն հրամցուցին իւրաքանչիւրին: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան: Ան իր խօսքի սկզբնաւորութեան խնդրեց…

Աւելին
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ` ԼՕԽ-Ի ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, աւելի քան 230 հոգիի ներկայութեամբ 19 մայիսին տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկ` Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ: Մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հաստատելով, որ ԼՕԽ-ականներուն տարած աշխատանքը սրբազան է, եւ առանց անոնց` կարելի չէ յարատեւել այս ուղիին վրայ: Ան գնահատեց ձեռնարկին ներկայ եղող մայրերը իրենց տարած…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, կ. ե. ժամը 3։00-ին Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւորեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու Կաղանդի ձեռնարկ՝ մասնակցութեամբ Ուրախ տարեդարձ խումբին։ Ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 160 մանուկներ եւ պատանիներ՝ իրենց ծնողներով։ Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթելէ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղը ունեցաւ իր առաջին ձեռնարկը՝ Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ

ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղը ունեցաւ իր առաջին ձեռնարկը՝ Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, այլ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներուն, ԼՕԽ-ականներու, բարեկամներու եւ ԼՕԽ-ի գործին հաւատացողներու։ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասապեան բարի գալուստ մաղթեց ընկերուհիներուն եւ ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր…

Աւելին
ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղը կայացուց իր առաջին ձեռնարկը Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւուրեան սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, այլ մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներուն, ԼՕԽ-ականներու, բարեկամներու եւ միութեան գործին հաւատացողներու։ ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասապեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնք, որոնք սատար կը…

Աւելին