Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր զինք դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ…
ԱւելինԸնդառաջելով "Ամել" (عامل) միջազգային կազմակերպութեան հրաւէրին, Երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2021֊ին, ԼՕԽ֊ի Շրջանային Վարչութեան դիւանը եւ "Արաքսի Պուլղուրճեան" ընկերաբժշկական Կեդրոնի տնօրէնուհին այցելեցին Մըսէյթպէի "Ամել" Կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցան կազմակերպութեան հիմնադիրին՝ Տոքթ. Գամել Մհաննայի, Կեդրոնի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին հետ։ Հանդիպման ընթացքին Տոքթ.Մհաննա ներկայացուց կազմակերպութեան 42 ամեայ գործունէութիւնն ու…
ԱւելինՀինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2019-ին, "Ա. Պուլղուրճեան" ընկերաբժշկական կեդրոնի բարերարներու ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան այցելեց "Վ.Տէկիրմէնճեան" խոհանոցի տարեցներուն, որոնց հետ հաճելի ժամանց ունեցան։ Բարերարները, Նոր Տարուան առիթով, տարեցներուն ապահովեցին նաեւ ուտեստեղէնի ծրարներ։
ԱւելինԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներու նուիրուած երախտագիտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներ: ՀՕՄ-ի…
ԱւելինՕժանդակութեամբ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին, կարելի եղաւ ԱՊԸԲ Կեդրոնի հիւանդատար կառքը նորոգել եւ օժտել շտապ օգնութեան յատուկ արդիական կազմածներով եւ սարքերով։
ԱւելինՀովանաւորութեամբ Հայկական Երեսփոխանական գրասենեակին եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, Շաբաթ, 10 Մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ը, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցան բժշկական անվճար քննութիւններ: Շուրջ 100 հայորդիներ ենթարկուեցան քիթ-կոկորդ-ականջի, ընդհանուր մարմնի, աչքի տեսողութեան, ինչպէս նաեւ ճնշման քննութիւններու: Քննութիւններուն…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։30-էն-7։00, մասնակցեցաւ «Հպարտ Ենք Պուրճ Համուտով-Հանդիպում Մարաշի Թաղին Մէջ» խորագրով փառատօնին, որ կազմակերպուած էր «Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծի Պահպանման» յանձնախումբին կողմէ։
ԱւելինԿազմակերպութեամբ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան, ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի, նախարարութեան տնօրէն տոքթ. Ուալիտ Ամմարի, «Աքրիտիթէյշըն Քանատա» միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Ֆատի Ժարտալիի, երկուշաբթի, 14 օգոստոս 2017-ին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Լիբանանի մէջ գործող ութ ոչ կառավարական առողջապահական կեդրոններ պարգեւատրուեցան իբրեւ «Առողջապահական…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, ուրբաթ, 2 յունիս 2017-ին, կեդրոնի հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնէութեան եւ բժշկական անձնակազմին յատուկ երախտագիտական մտերմիկ ընթրիք մը` ներկայութեամբ կեդրոնի բարերարներ Մելքոն եւ Անահիտ Պուլղուրճեաններու որդիներուն` Վաչէ եւ Սալբի Պուլղուրճեաններու: Ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի…
ԱւելինԵրկուշաբթի, 15 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Պէյրութ Սուքզ»-ի շարժապատկերի սրահներու ընդունարանին մէջ տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր, որովհետեւ աւելի քան 300 հայեր ու օտարներ համախմբուած էին ԼՕԽ-ի նախաձեռնութեան շուրջ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի 30-ամեակին առիթով. անոնք հաւաքուած էին անգամ մը եւս հաստատելու, որ թեւ ու թիկունք են անսակարկ ու անխտիր կերպով լիբանանցի ժողովուրդին ծառայութեան լծուած այս…
ԱւելինEmergency Medical Technician (EMT) Basic Course ԼՕԽ-ի “Արաքսի Պուլղուրճեան” Ընկերաբժշկական Կեդրոնի մատուցած ծառայութիւնները բարելաւելու ծրագրով, ինչպէս նաեւ բժշկական խնամք յատկացնող պաշտօնէութեան աշխատանքը եւ անոնց շտապ բժշկական օգնութեան գիտելիքները աւելցնելու նպատակով, կեդրոնի աշխատանքներու որակական կառավարման յանձնախումբը (Quality Management Committee) գործակցաբար կեդրոնի ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանի…
ԱւելինՈւրբաթ, 7 Ապրիլ 2017-ին, «Saint Coeur – Jdeideh» դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն, ուր կեդրոնի տնօրէնը ամփոփ ձեւով իրենց ներկայացուց կեդրոնի տարած գործունէութիւնը եւ մատուցած սպասարկութիւնները։ Ապա անոնք կեդրոնի ընկերային ծառայողներուն հետ այցելութիւններ կատարեցին Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող 15 լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու։ Աշակերտները Ծաղկազարդի եւ…
ԱւելինՀինգշաբթի, 30 Մարտ 2017-ին, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ Նորայր ՀաՃեանի հայրը՝ լրագրող-հրապարակախօս Միքայէլ ՀաՃեան, որ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով կը գտնուէր Լիբանան: Ան տեսակցութիւն ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ, ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան, ապա կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, յատուկ հանդիպումով…
ԱւելինՉորեքշաբթի, 29 Մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ.-ի ԱՊԸԲ կեդրոն այցելեց արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն՝ Հայկազուն Ալվրցեան: Կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան կազմին, լօխականներու եւ մեծաթիւ տիկիններու տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը Հայկազուն Ալվրցեանի հետ, որ շինիչ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց արեւմտահայաստանի հայութեան իրավիճակին մասին: Ապա ան իր…
ԱւելինԵրեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2016-ին, տօնական օրերու առիթով Սէն Ժոզէֆ համալսարանի «Հայկական ակումբ»-ի խումբ մը ուսանողներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ դասարանին աշակերտներ, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի հետ գործակցաբար, այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ բնակող հայ կարիքաւոր ընտանիքներու: Ամանորի ու Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, անոնք ուրախացուցին նշեալ…
ԱւելինՀինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառը Լիբանանի Հայոց թեմ իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, այցելեց Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն։ Վեհափառ հօր կ՛ընկերակցէին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ԼՕԽի…
ԱւելինՇաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Արցախեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը, որոնք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով ժամանած են Լիբանան մասնակցելու համար Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց 25-ամեակի հանդիսութեան։ Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները վիշտով եւ հպարտութեամբ անդրադարձան Արցախեան պատերազմին իրենց…
ԱւելինՀինգշաբթի, 25 Օգոստոս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի պաշտօնէութիւնը մասնակցեցաւ «Effective Time Management» նիւթով գիտաշխատանոցի մը, որ կազմակերպուեցաւ եւ ներկայացուեցաւ կեդրոնի որակական կառավարման (Quality Management) յանձնախումբի անդամներուն՝ տիկ. Վերժին Խորշիտեանի եւ պրն. Գրիգոր Ալլոզեանի կողմէ: Սոյն գիտաշխատանոցը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական…
ԱւելինՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի ընկերային յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2016-ին,Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կազմակերպուեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի Հարաւային շրջանը, այցելելով ՇուՖի «Տէյր Ալ Մուխալէս» եւ Մաղտուշէի «Տէյր Ալ Մանթարա» սրբավայրերը, ինչպէս նաեւ «Մլիթա» -ի թանգարանը: Պտոյտին ներկայ էին կեդրոնի տնօրէնութիւնն ու…
ԱւելինՉորեքշաբթի, 1 Յունիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի տնօրէնուհին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան եւ տեսակցութիւն ունեցան նորընտիր քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Ներկայ էր նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Նելլի Վէքիլեանը: Այցելութեան ընթացքին քաղաքապետը ծանօթացաւ Շրջանային Վարչութեան կազմին, ապա արծարծուեցան քաղաքապետութեան նախատեսած յառաջիկայ տարիներու…
ԱւելինՉորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց ՀՕՄ-ի Ֆրանսայի , Վալանս քաղաքի «Աղվիթա» մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ ընկհ. Էլիզապէթ Տէրտէրեանը: Ան շրջելէ ետք կեդրոնի բաժանմունքները, տեսակցութիւն ունեցաւ ԼՕխ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ: Արծարծուեցան ՀՕՄ-ի Ֆրանսայի միաւորի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, յանձնախումբերու , մասնաճիւղերու, ինչպէս…
ԱւելինԿազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերա-բժշկական Կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի, գործակցութեամբ՝ Jamjoom Pharma դեղի ընկերութեան, տեղի ունեցաւ նախազգուշական արշաւ մը , աչքի ճնշումի քննիւթիւն , Glaucoma-ի (Սեւ Ջուր) , չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ կեսօրուայ ժամը 1։00, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան»…
Աւելին20 Մայիս 2016-ը իւրայատուկ օր էր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: 5-րդ անգամն ըլլալով, լիբանանահայ գաղութի, տեղական եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի եւ Հայաստանի դեսպանները համախմբուած էին…
Աւելին20 Մայիս 2016-ը իւրայատուկ օր էր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: 5-րդ անգամն ըլլալով, լիբանանահայ գաղութի, տեղական եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի եւ Հայաստանի դեսպանները համախմբուած էին…
Աւելին






















