Հինգշաբթի, 25 Օգոստոս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի պաշտօնէութիւնը մասնակցեցաւ «Effective Time Management» նիւթով գիտաշխատանոցի մը, որ կազմակերպուեցաւ եւ ներկայացուեցաւ կեդրոնի որակական կառավարման (Quality Management) յանձնախումբի անդամներուն՝ տիկ. Վերժին Խորշիտեանի եւ պրն. Գրիգոր Ալլոզեանի կողմէ:
Սոյն գիտաշխատանոցը տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս:



