Անի — Լուրեր

"Անի" մասնաճիւղի Ընկերային հանդիպում

ԼՕԽ-ի "Անի" մասնաճիւղի վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2022-ին կազմակերպեց Ընկերային հանդիպում մը Ժտէյտիի “Անի” ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ -ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սեւան Կարապետեան֊Ադամեանի եւ շուրջ 25 ընկերուհիներու ու համակիրներու։ Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Լենա Մելքիսեթեան կատարեց ձեռնարկի Բացման խօսքը, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վարչական ընկերուհիներուն…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ «Սիրոյ Սեղան»

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտի) վարչութիւնը իր 2018 տարուան առաջին ձեռնարկը՝ «Սիրոյ Սեղան» կատարեց Հինգշաբթի, 15 Փետրուարին, «Անի» ակումբին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ակումբի բարերար՝ պրն. Ներսէս Տէտէյեանի յիշատակը: Իր բացման խօսքին մէջ, ատենապետուհի ընկհ. Մարալ Վարդապետեան շեշտը դրաւ հոգեկան խաղաղութեան վրայ: Ապա, Ֆանարի մատրան հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միքայէլ քհն…

Աւելին
Այցելութիւն ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տուն

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2017-ին, այցելեց ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տունը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ հոն ապաստանած ծերունիներուն հետ: Ընկերուհիները ասմունքով ու երգերով հաճելի պահեր ունեցան անոնց հետ եւ նուէրներով ուրախացուցին զանոնք:

Աւելին
Ուխտագնացութիւն Դէպի Հարաւային Լիբանան

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ուխտագնացութիւնը դէպի հարաւային Լիբանան տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Մայիս 2017-ին: Ուխտագնացութիւնը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, «Անի» ակումբէն: Առաջին հանգրուանը եղաւ Մաղտուշէի «Սէյիտէդ Ալ Մանդարա» սրբավայրի փառահեղ տաճարը, ուր ուխտագնացները դիմաւորուեցան պատասխանատու կղերականի մը կողմէ, որ բացատրութիւններ տուաւ սրբավայրի մասին: Անոնք այցելեցին նաեւ «Տէյր Մըխալլէս» մատուռը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի «Brunch»-ը

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը՝ «Brunch», որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներէն՝ Հուրի Պաժիկեանն ու Մարալ Յովհաննէսեանը, քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիլեալներ եւ համակիրներ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, խօսքը տրուեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն վկայեալ հիւանդապահուհի՝…

Աւելին
«Խորովածի Երեկոյ» 2016

Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի Երեկոն» տեղի ունեցաւ, «Անի» ակումբի դիմացը գտնուող հանրային պարտէզի ծաղկաստանին մէջ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման Խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Պաճիքեանը: Ան յիշեց վարդերու ամիս՝ Մայիս ամսուան կարեւոր տօները, ինչպէս մայրերու նուիրուած օր, Համբարձման տօն, Հայաստանի անկախութիւն եւայլն... Ապա հրաւիրեց…

Աւելին
«Անի» մասնաճիւղի պարի դասընթացքը

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Նահր Էլ Մոթ )ձեռնարկած է հայկական պարի դասընթացք մը, որ ընթացք առաւ Յունուար 2016-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ ներկայ վարչութեան տարեշրջանին աւարտը՝ Մայիս 2016: Դասընթացքը տեղի կ'ունենայ շրջանի ակումբէն ներս, շաբաթական դրութեամբ, հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 5:00, պարուսոյց ունենալով Օրդ. Հուրի Գալայճեանը: Դասընթացքին կը մասնակցին 16 ընկերուհիներ, որոնք շատ հաճելի եւ ուրախ…

Աւելին
Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…

Աւելին
«Բարեկենդանի Հանդիպում»

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան (Ժտէյտի) կազմակերպած «Բարեկենդանի Հանդիպում»-ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 11 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբի սրահին մէջ: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութենէն, մասնաճիւղերէ, յանձնախումբերէ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, համակիրներ եւ հրաւիրեալներ: Տարրալուծարանի մասնագէտ եւ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի տարիներու գործօն անդամուհի՝ ընկհ. Շաքէ Բարմաքսըզեան հրաւիրուած էր դասախօսելու, նիւթ ունենալով…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
«Խորովածի Երեկոյ»

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ժտէյտէի հանրային պարտէզին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Նահր էլ մոթ ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի Երեկոյ» ձեռնարկը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Պաժիքեան իր բացան խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ «Ժողովուրդէն՝ Ժողովուրդին» բնաբանին: Երեկոն ընթացաւ ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Գեղարուեստական յայտագրով իրենց…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի '' Brunch''-ը

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , Ժտէյտիի «Անի» մասնաճիւղին Brunch-ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 5 Մայիս 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին «Outdoor» ճաշարանին մէջ Տըպպայյէ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեն ներկայացուցիչ ընկհ. Վարդուհի Տուլեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներէն ետք ,վարչութեան ատենապետուհի՝ Հուրի Պաժիքեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի Ժտէյտիի «Անի» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2014- ին, շրջանի «Անի» ակումբին մէջ։ Վարչութեան ատենապետուհի՝ընկհ. Հուրի Պաճիքեան խօսք առնելով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի հսկայ գործունէութեան եւ աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց ամանորի կիրարկուող աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու մասին տեղեկութիւններ։ Կաղանդ մաման ուրախ մթնոլորտ ստեղծեց իր…

Աւելին
«Անի» մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկ

Հինգշաբթի 23 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ժտէյտէյի ԼՕԽի «Անի» մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկն էր, առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Անի» ակումբին դիմացի հանրապարտէզին մէջ։ Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, յանձնախումբերէ եւ ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ եւ հիւրեր։ Մեղմ կլիման ու հայկական երգերու մթնոլորտը պարտէզին մէջ հաճելի էր։ Վարչութեան ատենապետուհին բացման խօսքով նշեց, թէ «Եղեռնի 100 ամեակի նախօրեակին ենք, հայուն…

Աւելին
ՔԱՀԼ-ի Լիբանանի Հայ Անկարներու Կեդրոն Այցելութիւն

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը սրտի պարտք համարեց, որ իր այցելութիւններուն առաջինը ըլլայ ՔԱՀԼ-ի կեդրոն` մեր սիրասուն մամիկներուն, անսալով Արամ Ա. վեհափառի կոչին, որ 2014 տարին «Տարեցներու տարի» հռչակեց եւ պատգամեց յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել ծերին: Ուստի, վարչութիւնը ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ի առաւօտուն ՔԱՀԼ այցելեց` օրուան մը ճաշի ծախսը ստանձնելով: Նախապէս որոշուած կարգադրութեամբ, աւելի քան…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի «Թռչնոց Բոյն» Այցելութիւնը

ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը 10 ապրիլին այցելեց «Թռչնոց բոյն» եւ նիւթական պարգեւ յատկացուց կեդրոնին: ԼՕԽ-ականները ընդունուեցան հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի կողմէ, որ ներկայացուց իրենց աշխատանքները, առօրեան, ընթացիկ հարցերու մասին եւս տեղեկութիւններ տալով: Հանդիպումին ընթացքին տնօրէնին յատկացուեցաւ նուիրատուութիւնը: Անկէ ետք ԼՕԽ-ականները այցելեցին եկեղեցի, անոր ետին գտնուող հայ որբերու գերեզմանատուն:

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին Բարեկենդանի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Սիթատել» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էր Շրջանային վարչութեան ատենապետն ու մասնաճիւղին ներկայացուցիչը, նաեւ յանձնախումբերէ, տարբեր մասնաճիւղերէ անդամներ եւ բարեկամուհիներ: Մուտքին բաժնուեցան գոյնզգոյն դիմակներ` ըստ հին սովորութեան: Երեք քայլերգներու…

Աւելին
«Անի» Մասնաճիւղի Ամանոր

Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2013-ին ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Անի» ակումբին մէջ: Երեք քայլերգներու (Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի) յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, վարչութեան ատենապետ Հուրի Պաժիքեան արտասանեց բացման խօսքը: Ան ներկայացուց վարչութեան գործունէութիւնը: Ան ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էին երկու հիմնադիր անդամներ` Պայծառ Գլընճեան եւ Շուշան Արսլանեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան…

Աւելին
Խորովածի Երեկոյ (Barbecue Night 2013)

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը, որպէս 2013-2014 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկ, ուզեց սովորականէն տարբեր բան մը յաջողցնել: Ուստի ծրագրեց, աշխատեցաւ եւ ի գին դժուարութիւններու կրցաւ իրականացնել խորովածի երեկոյ մը, Ժտէյտէի քաղաքապետութեան հանրային պարտէզին մէջ,19 հոկտեմբեր 2013-ին: Ներկայ եղան շուրջ 70 անձեր` կոմիտէութենէն, «Անի» ակումբի վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերէն…

Աւելին
Անի մասնաճիւղի դաշտագնացութիւնը

28 Մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի “Անի” մասնաճիւղի (Ժտէյտի) դաշտագնացութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8-ին: Ներկայ էին Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին եւ “Անի” մասնաճիւղի մօտ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիները: Լօխ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, մասնաճիւղի վարչութիւնը, շրջանի ընկերուհիները եւ հիւրեր... Ընդամէնը 55 հոգի: Առաջին հանգրուանը ՛Հարիսա՛ Աստուածամօր ուխտավայրն էր, ուր եկեղեցին աղօթք կատարուեցաւ: 2-րդ այցելութիւնը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» Մասնաճիւղի Ամանորի Ձեռնարկը

Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2012-ին «Անի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի ձեռնարկը: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները, ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ, յանձնախումբերէ ընկերուհիներ, ԼՕԽ-ի բարեկամուհիներ, մօտ` 60 հոգի: «Անի» ակումբը կը պսպղար Նոր տարուան յատուկ փայլուն ու գունագեղ զարդարանքներով: Հրաւիրուած էր Սիլվա Գանգրունի-Մուրատեան` Կաղանդ պապայի դերը կատարելու: Վարչութեան ատենապետ Սեւան Ադամեան իր հմուտ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի 40-Ամեակի Փառաշուք Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 10 մայիս 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Զալքայի «Մշրապիէ» ճաշարանին մէջ փառաշուք հանդիսութեամբ նշուեցաւ ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգները յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Սալբի Թորիկեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: Բացման խօսքին մէջ ատենապետը հակիրճ ձեւով ներկայացուց ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին…

Աւելին
ԼՕԽ-Ի «ԱՆԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, Նահր Մոթի ակումբին մէջ, հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Սեղանները շատ գեղեցիկ զարդարուած էին պահքի համեղ ճաշերով` պատրաստուած շրջանի վարչական ընկերուհիներուն կողմէ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Սալբի Թորիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին` Յասմիկ Գէորգեանը, որ փոխանցէ մեր…

Աւելին