Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , Ժտէյտիի «Անի» մասնաճիւղին Brunch-ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 5 Մայիս 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին «Outdoor» ճաշարանին մէջ Տըպպայյէ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեն ներկայացուցիչ ընկհ. Վարդուհի Տուլեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներէն ետք ,վարչութեան ատենապետուհի՝ Հուրի Պաժիքեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած մեր նահատակներուն, նաեւ նորոգ հանգուցեալ հիմնադիր ընկերուհի՝ Պայծառ Գլըճեանի, Քնար Մինասեանի եւ Էլպիս Թորիկեանի խնկելի յիշատակը։
Բացման խօսքով ընկերուհին նշեց, թէ 24 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի արձագանգը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ, իսկ ցեղասպանը իր նպատակին չհասաւ։ ԼՕԽ-ականը «Ժողովուրդէն՝ Ժողովուրդին» բնաբանով ձեռք երկարեց սպանդէն ազատած ազգակիցներուն, ստանալով բարեկեցիկ դասակարգէն՝ տուաւ կարիքաւորին։
Գեղարուեստական բաժնով Մակալի Թովմասեան ներկայացուց նազպար մը եւ արտասանեց Սիամանթօյի «ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» բանաստեղծութիւնը։
Տիկ. Սիրվարդ Ֆազլեան, դերասան եւ արուեստագէտ, խոր ապրումով արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այնտեղ» եւ Սիամանթօէն «խեղդամահ»ը։
Դասախօսելու հրաւիրուած էր ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան, ան իր խօսքին վերնագիրը անուանած էր «կերտենք ապագայ սերունդ» …. Ան ըսաւ - «2015-ի մեր պահանջատիրական երթը պէտք է շարունակել՝ մեր ուժերը համախմբելով եւ աշխատանքները համադրելով, սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ։ Հայ մօր պարտականութիւնն է կրթել ու թրծել հայկական պատկանելիութեամբ ազատատենչ հայորդիներ։ Մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը կ՛ըլլան պարագլուխ առաջնորդները։ Ջանալ մնալ հաւատարիմ մեր նախնիներու կտակին եւ ազգանպաստ սրբազան առաքելութեան, ԼՕԽ-ի օրինակով, կերտելու խոստումնալից ապագայ սերունդներ»։
Եղան նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն։














