Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Անի Մասնաճիւղ

Անի ամրոց էր 5րդ դարէն 9րդ դար: Հայաստանի մայրաքաղաք 10րդ դարէն 11րդ դար, տնտեսական ու մշակութային մեծ կեդրոն 9րդ դարէն 14րդ դար: Ներկայիս, աւերուած է ու անբնակ. Անի իր անունը ստացած է բարձր Հայքի Դարանաղի գաւառի Անի բերդաքաղաքէն, որ հեթանոս հայերու կրօնական կեդրոնն էր:

1045-ին Անին ինկաւ բիւզանդական լուծին տակ:

18րդ դարուն Անին անցաւ Ռուսաստանին: 1920ին Ալեքսանդրապոլի պայմանաքրով յանձնուեցաւ Թուրքիային:

Հայկական ճարտարարպետութեան պատմութեան մէջ Անին յայտնի Է իր 1001 եկեղեցիներով:

Անիի հերոսական պատմութիւնը եւ անոր դժբախտ ճակատագիրը ներշնչման աղբիւր եղած են գրողներու համար:

Մասնաճիւղը հիմնուած է 1972-ին Ժտէյտէյի շրջանին մէջ:

Հիմնադիր վարչութեան կազմն է՝ Մարիամ Կիւլիւզեան, Լուսին Քոչոյեան, Պայծառ Գըլընճեան, Շուշան Արսլանեան, Մարի Հաւաթեան, Էլիզ Վարդապետեան, եւ Սիրանոյշ Քայճեան:

Ան կը գործէ Նիու Ժտէյտի «Անի» ակումբին մէջ:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

"Անի" մասնաճիւղի Ընկերային հանդիպում

ԼՕԽ-ի "Անի" մասնաճիւղի վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2022-ին կազմակերպեց Ընկերային հանդիպում մը Ժտէյտիի “Անի” ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ -ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սեւան Կարապետեան֊Ադամեանի եւ շուրջ 25 ընկերուհիներու ու համակիրներու։ Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Լենա Մելքիսեթեան կատարեց ձեռնարկի Բացման խօսքը, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնելով վարչական ընկերուհիներուն…

Աւելին
Ձեռնարկ՝ «Սիրոյ Սեղան»

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտի) վարչութիւնը իր 2018 տարուան առաջին ձեռնարկը՝ «Սիրոյ Սեղան» կատարեց Հինգշաբթի, 15 Փետրուարին, «Անի» ակումբին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ակումբի բարերար՝ պրն. Ներսէս Տէտէյեանի յիշատակը: Իր բացման խօսքին մէջ, ատենապետուհի ընկհ. Մարալ Վարդապետեան շեշտը դրաւ հոգեկան խաղաղութեան վրայ: Ապա, Ֆանարի մատրան հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միքայէլ քհն…

Աւելին
Այցելութիւն ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տուն

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2017-ին, այցելեց ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տունը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ հոն ապաստանած ծերունիներուն հետ: Ընկերուհիները ասմունքով ու երգերով հաճելի պահեր ունեցան անոնց հետ եւ նուէրներով ուրախացուցին զանոնք:

Աւելին
Ուխտագնացութիւն Դէպի Հարաւային Լիբանան

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ուխտագնացութիւնը դէպի հարաւային Լիբանան տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Մայիս 2017-ին: Ուխտագնացութիւնը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, «Անի» ակումբէն: Առաջին հանգրուանը եղաւ Մաղտուշէի «Սէյիտէդ Ալ Մանդարա» սրբավայրի փառահեղ տաճարը, ուր ուխտագնացները դիմաւորուեցան պատասխանատու կղերականի մը կողմէ, որ բացատրութիւններ տուաւ սրբավայրի մասին: Անոնք այցելեցին նաեւ «Տէյր Մըխալլէս» մատուռը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի «Brunch»-ը

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը՝ «Brunch», որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներէն՝ Հուրի Պաժիկեանն ու Մարալ Յովհաննէսեանը, քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիլեալներ եւ համակիրներ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, խօսքը տրուեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն վկայեալ հիւանդապահուհի՝…

Աւելին
«Խորովածի Երեկոյ» 2016

Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի Երեկոն» տեղի ունեցաւ, «Անի» ակումբի դիմացը գտնուող հանրային պարտէզի ծաղկաստանին մէջ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման Խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Պաճիքեանը: Ան յիշեց վարդերու ամիս՝ Մայիս ամսուան կարեւոր տօները, ինչպէս մայրերու նուիրուած օր, Համբարձման տօն, Հայաստանի անկախութիւն եւայլն... Ապա հրաւիրեց…

Աւելին
Բոլոր լուրերը