Ուխտագնացութիւն Դէպի Հարաւային Լիբանան

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ուխտագնացութիւնը դէպի հարաւային Լիբանան տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Մայիս 2017-ին:

Ուխտագնացութիւնը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին, «Անի» ակումբէն: Առաջին հանգրուանը եղաւ Մաղտուշէի «Սէյիտէդ Ալ Մանդարա» սրբավայրի փառահեղ տաճարը, ուր ուխտագնացները դիմաւորուեցան պատասխանատու կղերականի մը կողմէ, որ բացատրութիւններ տուաւ սրբավայրի մասին: Անոնք այցելեցին նաեւ «Տէյր Մըխալլէս» մատուռը:

Կէսօրին, խումբը հասաւ Ժըզզինի բնութեան գիրկը, կազդուրիչ կլիմայով եւ հոյակապ տեսարանով «Ժաննէթ Էլ Սնովպար» ճաշարանը:

Ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեան, այլազան խաղերով եւ Համբարձման վիճակի լաւատես գրութիւններով խանդավառեց ներկաները: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ եղան նուիրատուութիւններ:

Յիշատակելի օր մը անցընելէ ետք, քաղաք ժամանումով բոլոր ներկաները գոհացած էին եւ շնորհակալական արտայայտութիններով բաժնուեցան իրարմէ: