Ձեռնարկ՝ «Սիրոյ Սեղան»

ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտի) վարչութիւնը իր 2018 տարուան առաջին ձեռնարկը՝ «Սիրոյ Սեղան» կատարեց  Հինգշաբթի, 15 Փետրուարին, «Անի» ակումբին մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին ակումբի բարերար՝ պրն. Ներսէս Տէտէյեանի յիշատակը:

Իր բացման խօսքին մէջ, ատենապետուհի ընկհ. Մարալ Վարդապետեան շեշտը դրաւ հոգեկան խաղաղութեան վրայ: Ապա, Ֆանարի մատրան հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միքայէլ քհն. Տէմիրճեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ «Սէրը միայն խօսք չէ, այլ կ'արտայայտուի գործով», երբ մէկը կը սիրես ու կը յարգես, անպայման անոր փափաքը կը կատարես:

Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցաւ տարեկան վիճակահանութեան՝ Beirut- varna-Beirut 2 տոմսերուն վիճակաձգութիւնը, որ տրամադրուած էր Nadia Travel-ին կողմէ:

Վարչութինը պարգեւատրեց ընհ. Յասմիկ Մկըրեանը, իր երկարատեւ ծառայութեան համար, որակելով զինք տիպար մայր, մեծ մայր եւ ԼՕԽ-ական:

Ներկաները, համտեսելէ ետք վարչութեան պատրաստած Մեծ Պահքի ուտեստեղէնը, մեկնեցան ակումբէն շատ բարձր տրամադրութեամբ, ծանրաբեռնուած նուէրներով եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ծաղիկներով: