ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը՝ «Brunch», որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, «Անի» ակումբին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ընկերուհիներէն՝ Հուրի Պաժիկեանն ու Մարալ Յովհաննէսեանը, քոյր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ, հրաւիլեալներ եւ համակիրներ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, խօսքը տրուեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն վկայեալ հիւանդապահուհի՝ Տիկին Անժէլ Մելքոնեանին, որ անդրադարձաւ կուրծքի քաղցկեղի նախազգուշացման եւ ախտաճանաչման նիւթին: Հիւանդապահուհին անդրադարձաւ նաեւ անոր պատճառներուն թուելով՝ ժառանգական տուեալները, թունաւոր եւ ապականած օդը, ուտելիքները, նստակեաց կեանքը...., թելադրեց զգուշանալ գիրութենէն, վնասակար ճառագայթներէն, հորմոնային դարմանումներէն եւայլն: Բացատրեց կուրծքի ինքնաքննութեան ձեւերն ու կանխազգուշութեան կարեւորութիւնը: Յորդորեց, որ մայրեր իրենց նորածինները դիեցնեն մայրական կաթով եւ փոխանցեց այլ կարեւոր գիտելիքներ:
Ներկաները գոհ մնացին այս շահեկան եւ շինիչ դասախօսութենէն եւ հարցումներ ուղղեցին դասախօսուհիին:
Հայկական մեղեդիներու սփռումին՝ ներկաներուն մատուցուեցաւ օրուան ճաշը: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ ներկաները գոհունակ ու շնորհակալական արտայայտութիւններով մեկնեցան:













