ԼՕԽ-ի Ժտէյտիի «Անի» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2014- ին, շրջանի «Անի» ակումբին մէջ։
Վարչութեան ատենապետուհի՝ընկհ. Հուրի Պաճիքեան խօսք առնելով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի հսկայ գործունէութեան եւ աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց ամանորի կիրարկուող աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու մասին տեղեկութիւններ։
Կաղանդ մաման ուրախ մթնոլորտ ստեղծեց իր զուարճախօսութեամբ եւ նուէրներ տրամադրեց ներկաներուն։ Յայտագիրը իր երգերով ճոխացուց ընկհ. Սեւան Ադամեան։












