ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Նահր Էլ Մոթ )ձեռնարկած է հայկական պարի դասընթացք մը, որ ընթացք առաւ Յունուար 2016-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ ներկայ վարչութեան տարեշրջանին աւարտը՝ Մայիս 2016:
Դասընթացքը տեղի կ'ունենայ շրջանի ակումբէն ներս, շաբաթական դրութեամբ, հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 5:00, պարուսոյց ունենալով Օրդ. Հուրի Գալայճեանը:
Դասընթացքին կը մասնակցին 16 ընկերուհիներ, որոնք շատ հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ կը կատարեն փորձերը: Անոնք առ այժմ քանի մը պարեր սորված են:
Մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծուած է ընկերուհիներուն միջեւ, որոնք յաճախ փորձերու աւարտին կը մնան ակումբ, կը զրուցեն, կը հիւրասիրուին եւ հաճելի ժամանակ կ'անցընեն:
Յոյսով ենք, որ նոյն խանդավառութեամբ կը շարունակուի սոյն դասընթացքը:




















