ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին, կազմակերպեց «Կանանց Միջազգային Օր»ուան առիթով հաւաքոյթ մը, ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ, Մար Միխայէլ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիքեան եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, ինչպէս նաեւ խաչուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Մուտքին, ներկաներուն կուրծքը զարդարուեցաւ մանիշակագոյն ծաղիկներով…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, աւանդութիւն դարձած Նոր Տարուան ձեռնարկը կազմակերպեց, Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Անապ» ճաշարանին մէջ, Մար Միխայել: ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, մասնաճիւղերու վարչութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ բարեկամուհիներ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին վարչութեան տարած աշխատանքը, զօրավիգ հանդիսացան, որպէսզի նոր կորովով շարունակէ իրեն վստահուած…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի (Մար Մխայէլ) գարնանային պտոյտը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2016-ին, դէպի հիւսիսային Լիբանան, Տումա գիւղը: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Պիթար» գիւղը, ուր ներկաները նախաճաշեցին եւ հանգստացան: Շարունակելով հասան Պաթրուն քաղաքի «Սուրբ Սթէֆըն» եկեղեցին, ուր հաւաքաբար երգեցին Տէր Ողորմիան : Յետոյ բարձրացան «Սրբուհի Ռաֆքա» սրբատեղին, իւրաճանչիւրը կատարեց իր ուխտը: Այնտեղէն մեկնելով հասան «Պշալէ» գիւղը, ուր…
ԱւելինՍուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…
ԱւելինՓետրուար ամիսը կը զուգադիպի մեր եկեղեցական եւ աւանդական տօներուն, ուր իրար կը յաջորդեն Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը, Տեառնընդառաջը, Վարդանանց ճակատամարտը, Բուն Բարեկենդանը: ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները կազմակերպեցին տարբեր ձեռնարկներ: Մար-Մըխայէլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղն ալ անմասն չմնաց, կազմակերպեց մտերմիկ հանդիպում մը Հ.Յ.Դ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ. Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ին, 50 ընկերուհիներու եւ…
Աւելին«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ամանորի հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ, Երեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2015-ին,առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «Կրիք Թավերնա» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էր ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ՝ ընկերուհի Ազատուհի Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ շուրջ 70 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներով, որմէ ետք վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ…
ԱւելինԼՕԽ-ի մարդասիրական, առողջապահական, կրթական, ընկերային, քարոզչական եւ այլ գործունէութեանց հետ զուգահեռ, իր հիմքը հանդիսացող խարիսխը` իր մասնաճիւղերը, իրենց տարեկան ծրագիրներուն մէջ կը ներառեն այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք կը նպաստեն անդամուհիներուն եւ համակիրներուն հոգեկան խաղաղութեան, առիթ կը ստեղծուի իրենց մոռնալու առօրեայի տառապանքները, երկրի աննպաստ պայմաններու պատճառով ստեղծուած տագնապները եւ որպէս մարդ` իրաւունքը ունենալու…
ԱւելինԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը մեծ շուքով տօնեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Նոյն ծիրէն ներս, շարունակելով իր ծրագիրը, որոշեց ծառատնկում մը իրագործել «Պարուք»-ի մայրիներու անտառին մէջ: Հովանաւոդութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2015-ին, վարչութիւնը կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Պարուք», «Շուֆի» շրջան: Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, առաւօտուն…
Աւելին80 տարիներ առաջ Քարանթինայի հիւղաւանին մէջ ծնունդ առած ԼՕԽ-ի նախ «Քարանթինա», ապա «Աստղիկ» անունը կրող մասնաճիւղը երէկ` կիրակի, 28 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը` տպաւորիչ ու մարդաշատ հանդիսութեամբ մը, որ կը կրէր հովանաւորութիւնը ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Լիբանանի…
ԱւելինԵրեքշաբթի 9 դեկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Ամանորի Հանդիպում» ձեռնարկը Հ.3.Դ. Տիգրան Ծամհուր ակումբէն ներս: Ներկայ էին շրջանի ընկերուհիները եւ բարեկամուհիներ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ընկհ. Արփի Կոստանեան բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց թէ 1915 թուականը յատկանշական տարի մըն է մեր ազգի պատմութեան մէջ, մենք կը գտնուինք ցեղասպանութեան 100 ամեակի…
ԱւելինԼՕԽի Աստղիկ մասնաճիւղ – Մար Մխայէլ Հակառակ երկրին տնտեսական քաղաքական դժուարութիւններուն ԼՕԽի Աստղիկ մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ներքին ձեռնարկ մը ՀՅԴ Տիգրան Ծամհուր ակումբէն ներս Հինգշաբթի 16 Հոկտեմբեր 2014-ին։ Այս մէկը առիթ մը եղաւ ընկերուհիներուն մոռնալու իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները։ Ներկայ էին ԼՕԽի Շրջ. Վարչութենէն ներկայացուցիչներ քոյր մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներ, շրջանի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ…
ԱւելինՄայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…
ԱւելինՆոր տարուան սեմին աւանդութիւն դարձած է, որ ԼՕԽ-ականներ միասնաբար ուրախ մթնոլորտի մէջ դիմաւորեն գալիք տարին, որպէսզի ունենան բեղուն գործունէութիւն տարուան ընթացքին: ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» (Մար Մխայէլ) մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր աւանդական իր ամանորի հանդիպումը, երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ին, ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին սրահին մէջ` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի նախկին թէ ներկայ վարչականներու, ԼՕԽ-ականներու, հրաւիրեալներու եւ ԼՕԽ-ի…
ԱւելինՏարեկան իր ձեռնարկներու ծիրին մէջ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» (Քարանթինա-Մար Մխայէլ) մասնաճիւղի վարչութիւնը իր ընկերային հանդիպումը կազմակերպեց հինգշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2013-ի շրջանի ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի նախկին թէ ներկայ վարչականներու, հրաւիրեալներու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամ հայուհիներու: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած եւ կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի…
Աւելին«Կիներու միջազգային օր»ուան առիթով ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 մարտ 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ «Սատեր» ճաշարանին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Վրէժուհի Փափազեան հակիրճ ձեւով պատմականը փոխանցեց «Կիներու միջազգային օրուան» մասին` շեշտը դնելով, հայ կնոջ դերակատարութեան վրայ: Ան ըսաւ, թէ հայ կինը շնորհիւ իր ողջմտութեան, պաշտպանն…
ԱւելինԼՕԽի Աստղիկ մասնաճիւղին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2010-ին, ՀՅԴ Տիգրան Ծամհուր ակումբին մէջ։ Ներկայ էին ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են միութեան։ ԼՕԽի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Վրէժ Փափազեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն տնտեսական տագնապի այս օրերուն ներկայ ըլլալնուն եւ ձեռնարկին յաջողութեան զօրակցելուն համար։ Օրուան…
Աւելին














