ԼՕԽի Աստղիկ մասնաճիւղ – Մար Մխայէլ
Հակառակ երկրին տնտեսական քաղաքական դժուարութիւններուն ԼՕԽի Աստղիկ մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց ներքին ձեռնարկ մը ՀՅԴ Տիգրան Ծամհուր ակումբէն ներս Հինգշաբթի 16 Հոկտեմբեր 2014-ին։ Այս մէկը առիթ մը եղաւ ընկերուհիներուն մոռնալու իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները։
Ներկայ էին ԼՕԽի Շրջ. Վարչութենէն ներկայացուցիչներ քոյր մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներ, շրջանի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ։
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ատենապետուհին բացումը կատարեց բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շեշտեց թէ իւրաքանչիւրին լումային կարիքը ունի վարչութիւնը, կարենալ շարունակելու եւ գոյատեւելու համար։
Ապա օրուան դասախօսուհին՝ Տիկին Մարիա Թէքէեան հակիրճ եւ շինիչ ձեւով բացատրեց սննդականոնի մասին կարգ մը գիտելիքներ տիկիններու յատուկ։ Եղան լուսաբանական հարցումներ։
Եղաւ վիճակախաղ, որ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեց եւ իւրաքանչիւր շահող ստացաւ իր նուէրը։
Ընկերուհիները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն։



