Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Աստղիկ Մասնաճիւղ

Աստղիկ դիցուհին «Նոյ Նահապետ»-ի դուստրը Վահագնի տարփածուն էր, Հայոց սիրոյ եւ ջուրի աստուածուհին, Աստղիկին կը նուիրէին վարդեր եւ աղաւնիներ: Վարդավառը Աստղիկի տօնն էր որ կը կատարուի մինչեւ այսօր ամառուայ կէսերուն համաժողովրդական մեծ հանդիսութիւններով, իրարու վրայ ջուր կը թափեն եւ կ՜ուրախանան:

Աստղիկը կը պատկերէին մերկ, շքեղ, չքնաղ, գեղեցկուհիի տեսքով, յաճախ լողացած ատեն: Ան ամէն գիշեր կը լողար Եփրատ գետին մէջ: Անոր սիրով տարուած երիտասարդ տղաները Տարօնի Դաղոնաց սարի վրայ գիշերները խարոյկ կը վառէին որպէսզի անոր լոյսին տակ կարենան տեսնել Եփրատ գետի մէջ լողացող դիցուհին եւ հիանան անոր չքնաղ գեղեցկութեան վրայ: Բայց Աստղիկ ամէն գիշեր Տարօնի դաշտը մշուշով կը պատէր որպէսզի ոչ մէկ օտար աչք կարողանայ տեսնել զինք:

Գարանթինայի մասնաճիւղը հիմնուած է 1935-ին. Առաջին վարչութեան անդամուհիները եղած են ատենապետուհի՝Նուարդ Քարծայր, քարտուղարուհի՝ Արուսեակ Քերոբեան, գանձապահ՝Արաքսի Պալեան, Խորհրդականներ՝Լուսիա Իզմիրլեան, Տիգրանուհի Մաքսուտեան, Երանուհի Չալեան, Ալիս Տէօվլէթեան:

Գարանթինայի 1967-ի հրկիզումէն ետք հիւղաւաններու բնակչութիւնը մաս մը կը փոխադրուի Մար Մխայէլի շրջանը եւ հոն Հ.Յ.Դ. ’’ Տիգրան Ծամհուր ’’ կոմիտէին հետ 1968-ին , կը հիմնուի ’’ Աստղիկ ’’ մասնաճիւղը :

Կը գործէ Հ.Յ.Դ. ’’ Տիգրան Ծամհուր ’’ ակումբին մէջ :

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Հաւաքոյթ՝ «Կանանց Միջազգային Օր»ուան առիթով

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին, կազմակերպեց «Կանանց Միջազգային Օր»ուան առիթով հաւաքոյթ մը, ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ, Մար Միխայէլ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիքեան եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, ինչպէս նաեւ խաչուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Մուտքին, ներկաներուն կուրծքը զարդարուեցաւ մանիշակագոյն ծաղիկներով…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, աւանդութիւն դարձած Նոր Տարուան ձեռնարկը կազմակերպեց, Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Անապ» ճաշարանին մէջ, Մար Միխայել: ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, մասնաճիւղերու վարչութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ բարեկամուհիներ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին վարչութեան տարած աշխատանքը, զօրավիգ հանդիսացան, որպէսզի նոր կորովով շարունակէ իրեն վստահուած…

Աւելին
Պտոյտ

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի (Մար Մխայէլ) գարնանային պտոյտը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2016-ին, դէպի հիւսիսային Լիբանան, Տումա գիւղը: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Պիթար» գիւղը, ուր ներկաները նախաճաշեցին եւ հանգստացան: Շարունակելով հասան Պաթրուն քաղաքի «Սուրբ Սթէֆըն» եկեղեցին, ուր հաւաքաբար երգեցին Տէր Ողորմիան : Յետոյ բարձրացան «Սրբուհի Ռաֆքա» սրբատեղին, իւրաճանչիւրը կատարեց իր ուխտը: Այնտեղէն մեկնելով հասան «Պշալէ» գիւղը, ուր…

Աւելին
Մասնաճիւղէ Մասնաճիւղ

Սուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…

Աւելին
Ընկերային Հաւաքոյթ

Փետրուար ամիսը կը զուգադիպի մեր եկեղեցական եւ աւանդական տօներուն, ուր իրար կը յաջորդեն Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը, Տեառնընդառաջը, Վարդանանց ճակատամարտը, Բուն Բարեկենդանը: ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները կազմակերպեցին տարբեր ձեռնարկներ: Մար-Մըխայէլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղն ալ անմասն չմնաց, կազմակերպեց մտերմիկ հանդիպում մը Հ.Յ.Դ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ. Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ին, 50 ընկերուհիներու եւ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
Բոլոր լուրերը