ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի (Մար Մխայէլ) գարնանային պտոյտը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2016-ին, դէպի հիւսիսային Լիբանան, Տումա գիւղը:
Առաջին հանգրուանը եղաւ «Պիթար» գիւղը, ուր ներկաները նախաճաշեցին եւ հանգստացան: Շարունակելով հասան Պաթրուն քաղաքի «Սուրբ Սթէֆըն» եկեղեցին, ուր հաւաքաբար երգեցին Տէր Ողորմիան : Յետոյ բարձրացան «Սրբուհի Ռաֆքա» սրբատեղին, իւրաճանչիւրը կատարեց իր ուխտը: Այնտեղէն մեկնելով հասան «Պշալէ» գիւղը, ուր կը գտնուին 4000 տարուան կեանք ունեցող ձիթապտուղի ծառեր: Ըստ աւանդութեան, Նոյան Տապանէն ղրկուած աղաւնին այդ ծառերու ճիւղէն առնելով վերադարձած է Նոյին քով:
Հասան Տումա գիւղը, որ վերէն դիտուած կարիճի կը նմանի: Հաւաքուեցան «Էսքլափիօ» ճաշարանը, ուր արդէն սեղանները պատրաստուած էին:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Արփի Մինասեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրենց ներկայութեամբ քաջալերած են եւ զօրավիգ կանգնած վարչութեան աշխատանքին, տնտեսական այս սուր տագնապին:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, որմէ ետք ընկերուհիները շրջեցան Տումայի հին շուկային մէջ:
Վերադարձին, վերջին հանգրուանը եղաւ «Սալէմ» պաղպաղակի կեդրոնը, Պաթրուն:
Շուրջ 70 ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ ներկայ գտնուեցան եւ շնորհակալութիւն յայտնելով բաժնուեցան:






