Ընկերային Հաւաքոյթ

Փետրուար ամիսը կը զուգադիպի մեր եկեղեցական եւ աւանդական տօներուն, ուր իրար կը յաջորդեն Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը, Տեառնընդառաջը, Վարդանանց ճակատամարտը, Բուն Բարեկենդանը: ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները կազմակերպեցին տարբեր ձեռնարկներ:

Մար-Մըխայէլ շրջանի ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղն ալ անմասն չմնաց, կազմակերպեց մտերմիկ հանդիպում մը Հ.Յ.Դ  «Տիգրան Ծամհուր»  ակումբին մէջ. Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ին, 50 ընկերուհիներու  եւ բարեկամուհիներու ներկայութեամբ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք միշտ  զօրավիգ կը կանգնին վարչութեան տարած աշխատանքներուն եւ իրենց լումաներով կ'օժանդակեն, ուժ եւ կորով ներշնչելով:

Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ Ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեանը, որ հետաքրքրական եւ շինիչ ձեւով բացատրութիւն տուաւ կենդանիներու  աշխարհէն:

Ներկաներուն բաժնուեցան  թերթիկներ եւ միասնաբար երգեցին ազգային երգեր: Ընկհ. Շամիրամ Քասոյեան արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» քերթուածը:  Մթնոլորտէն քաջալերուած եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ  վիճակաձգութիւն:

Երկու բախտաւորներ,  ստացան արծաթեայ մատանի մը եւ ժամացոյց մը:

 Ներկաները մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ, գնահատելով վարչութեան տարած աշխատանքը: