«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր  ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:

Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:

 

«Աստղիկ» Մասնաճիւղ

Երեքշաբթի, 20 մայիս 2014 թուականը տարբեր օր էր ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղին համար, որ «Պատկեր» ճաշարանին մէջ, ունեցաւ գարնանային մտերմիկ ձեռնարկ մը` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան: Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ ԼՕԽ-ականները յիշատակելի պահեր ապրեցան հայկական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Վրէժուհի Փափազեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն` անդրադառնալով մայիս ամսուան յատկանշական օրերուն եւ տօներուն սկսելով Շուշիի ազատագրումէն, Համբարձման եւ Հայաստանի անկախութեան տօներէն` հասնելով մայրերու օրուան: Ան շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ մայիս ամիսը նուիրուած է հայ մայրերուն եւ ամբողջ տիեզերքի մօր, Մարիամ Աստուածածնին:

Ապա ձեռնարկը ճոխացուցին Ժան Օհաննէսեան` կիթառով եւ Նժդեհ Պոտրումեան` Սայաթ Նովայի աշուղական երգերու մեկնաբանութեամբ:

Մթնոլորտը աւելի ջերմացաւ երբ հնչեցին ժողովրդական եւ ազգագրական երգերը` ներկաներուն մասնակցութեամբ:

Վիճակաձգութենէն ետք ներկաները բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան իրարմէ, դարձեալ հանդիպելու յոյսով: