ԱՍՏՂԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽի Աստղիկ մասնաճիւղին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2010-ին, ՀՅԴ Տիգրան Ծամհուր ակումբին մէջ։ Ներկայ էին ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են միութեան։

ԼՕԽի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Վրէժ Փափազեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն տնտեսական տագնապի այս օրերուն ներկայ ըլլալնուն եւ ձեռնարկին յաջողութեան զօրակցելուն համար։

Օրուան բանախօսն էր Յասմիկ Գէորգեան, որ մաս կը կազմէ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին։ Անոր ներկայացուցած նիւթն էր Նոր տարուան մեր հայկական աւանդութիւնները։ Ան օրինակներով յիշեց, թէ ինչպէս կը տօնուէր Նոր տարին Կիլիկիոյ, Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Արցախի մէջ։ Շեշտը դրաւ մեր գլխաւոր սովորութիւններուն վրայ, որոնք կը կիրարկուէին այս օրերուն, ինչպէս՝ մրգեղէնի սեղանը, որ յատուկ նշանակութիւն ունէր հայերուն համար եւ մինչեւ օրս տակաւին կը շարունակուի։

Ան ըսաւ. Ընտանիքը կը հաւաքուէր տան երէց անդամին տունը, իրարու նուէր կը փոխանակէին, բարեմաղթութեան խօսքեր կըսէին, իւրաքանչիւրը՝ անշուշտ իր բարբառով։ Հարսերն ու թոռնիկները կը համբուրէին մեծ հօր ձեռքը եւ ոսկի մը նուէր կը ստանային։ Մեծ մայրիկը երբ գինիի բաժակը բարձրացնէր, իր ճակտի ոսկիէն մէկ հատ կը նետէր անոր մէջ՝ իբրեւ բախտաւորութեան նշան։

Տարի հացը, որուն մէջ կը թխէին ոսկի մը, կը բաժնէին ընտանիքի բոլոր անդամներուն. որուն, որ ելլէր ան կըլլար տարուան բախտաւորը, եւ ընտանիքը անկէ կը սպասէր իր բախտը։

Իր խօսքի աւարտին Յ. Գէորգեան կարդաց Մուշեղ Իշխանէն բանաստեղծութիւն մը՝ Կաղանդ պապային։

Ձեռնարկը ընթացաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ, եւ ներկաները մեկնեցան լաւ տրամադրութեամբ։