«Վ. Տէկիրմէնճեան» Խոհանոց — Լուրեր

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան  "Տաք Ճաշ"ը

Երբ "Տաք Ճաշ" ըսենք, անմիջապէս մեր առջեւ կը պարզուի Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութիւնը։ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութիւնը ունի զանազան յանձնախումբեր, իրեն վիճակուած պարտաւորութիւնները յաջողութեամբ պսակելու ու ծառայելու հանրութեան։ Այս յանձնախումբերէն է Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը, որ տարիներով յանձն առած է պատրաստելու, ծրարելու ու հրամցնելու իր շատ սիրելի պարագաներուն, որոնք ամէն Չորեքշաբթի գոհունակութեամբ…

Աւելին
<<Տաք Ճաշը>>

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը այս շաբաթ Լ.Օ.Խ.-ի <<Ա. Փափազեան>> մասնաճիւղէն 2 ընկերուհիներու հետ միասնաբար պատրաստեցին <<Տաք Ճաշը>>, որ կը հովանաւորէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը։ Այնճարի <<Կարմիր Լեռ>> կոմիտէի կալուածոց յանձնախումբը յանձն առաւ օրուայ պտուղը՝ խնձոր։ Վարձքը կատար խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիներուն, Լ.Օ.Խ.-ի <<Ա. Փափազեան>> մասնաճիւղի 2 ընկերուհիներուն և Այնճարի <<Կարմիր Լեռ>> կոմիտէի…

Աւելին
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը հովանաւորէ «Տաք Ճաշ»ը:

Չորեքշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2026-ին Լ.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը պատրաստեց եւ հրամցուց «Տաք Ճաշ»ը իր պարագաներուն: Այս շաբաթ Լ.Օ.Խ.ի «Ազիրեան» մասնաճիւղէն երկու ընկերուհիներ իրենց աջակցութիւնը բերին «Տաք Ճաշ»ի պատրաստութեան թեթեւցնելու համար խոհանոցի յանձնախումբին կամաւոր ընկերուհիներու աշխատանքը: Այս շաբթուայ ճաշին մէջ օգտագործուած մսեղէնը տրամադրեց «Dekerco» հաստատութիւնը: Լ.Օ.Խ.ի երեք մաստաճիւղեր…

Աւելին
«Տաք Ճաշ»ը Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ

Լ.Օ.խ.ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան»խոհանոցը այս շաբաթ եւս պատրաստեց գաղութիս կարիքաւոր պարագաներու «Տաք Ճաշ»ը Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ ։ «Decerco» հաստատութիւնը իր կարգին նուիրեց այս շաբթուայ ճաշին օգտագործուելիք մսեղէն եւ կանաչութիւն իր մօր՝ Վարդուհի Տէքիրմէնճեանի հոգւոյն համար,տեղին է նշել ,որ ընկերուհի Նելլի Աղասարգիսեան AC մը նուիրեց մեր խոհանոցին ։ Վարձքը կատար Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական…

Աւելին
Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը պատրաստեց «Տաք Ճաշ»-ը

Այս շաբաթ անգամ մը եւս Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը պատրաստեց ու բաժնեց իր կարիքաւոր պարագաներուն «Տաք Ճաշ»-ը : Ամէնուս ծանօթ է որ «Տաք Ճաշ»-ը կը հովանաւորէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը: Սակայն ասոր կողքին Լ.Օ.Խ.-ի մեծ ընտանիքը ունի ՀՕՄուհիներ, բարեկամներ, բարերարներ, նուիրատուներ եւ ընկերուհիներ, որոնք իրենց կարգին կ՛օժանդակեն այս նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու համար : Այս շաբաթ դարձեալ երկու…

Աւելին
Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Տաք Ճաշը»

Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է թէ «Տաք Ճաշը» որ շաբաթական դրութեամբ կը պատրաստուի ու կը բաժնուի Լ.Օ.Խ.-ին վիճակուած կարիքաւոր պարագաներուն կը հովանաւորէ Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական վարչութիւնը: Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցը այս շաբաթ դարձեալ պատրաստեց «Տաք Ճաշը» ուր «Decerco» հաստատութիւնը տրամադրեց օրուայ ճաշի մը օգտագործուելիք հաւեղէնը, ի յիշատակ իր շատ սիրելի մօր` Վարդուհի Տէքիրմէնճեանի որ միշտ նեցուկ կը…

Աւելին
«Ժողովուրդէն Ժողովուրդին»

«Ժողովուրդէն Ժողովուրդին» նշանաբանով՝ Լ.Օ.Խ.ի Շրզանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցը այս շաբաթ ալ պատրաստեց իրեն վիճակուած գաղութիս կարիքաւոր պարագաներուն «Տաք Ճաշը»։ Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութիւնն է որ կը հովանաւորէ այս նախաձեռնութիւնը։ Վարձքը կատար Հ.Օ.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան։ Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլորին։

Աւելին
Բարերարի Այցելութիւն

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2019-ին, "Վարդուհի Տէկիրմէնճեան" խոհանոցի բարերար՝ Տիար Պերճ Կիւլպէնկեան այցելեց «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի ճաշարան եւ հանդիպում ունեցաւ խոհանոցի տարեցներուն հետ, անցնելով հաճելի ժամեր:

Աւելին
Պուլղուրճեան ընտանիքի այցելութիւն

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2019-ին, "Ա. Պուլղուրճեան" ընկերաբժշկական կեդրոնի բարերարներու ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեան այցելեց "Վ.Տէկիրմէնճեան" խոհանոցի տարեցներուն, որոնց հետ հաճելի ժամանց ունեցան։ Բարերարները, Նոր Տարուան առիթով, տարեցներուն ապահովեցին նաեւ ուտեստեղէնի ծրարներ։

Աւելին
Նոր տարուան տօնակատարութիւն «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանին մէջ

Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Վարդուհի Տեկիրմէնճեան» խոհանոցի եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանի 90 ծերունիները միասնաբար տօնեցին իրենց Նոր տարին եւ ուրախ ժամեր անցուցին։ Ձեռնարկին ներկայ էին Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան եւ յանձնախումբի ընկերուհիները : Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Մարալ Վարդապետեան որ յայտնեց թէ մենք տխրելու պատճառ չունինք, թէեւ երկիրը տագնապի մէջ է…

Աւելին
ԼՕԽ-ի  <<Վ. Տէկիրմենճեան>> խոհանոց

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան <<Վ. Տէկիրմենճեան>> խոհանոցի յանձնախումբը կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը, շաբաթական միօրեայ դրութեամբ Տաք Ճաշ հայթայթելով լիբանանաբնակ կարիքաւոր ընտանիքներու։ Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ին, Խոհանոցի օճախները փոխարինուեցան նորերով շնորհիւ բարերարի մը նուիրատուութեան

Աւելին
Ս.Զատկուայ Տօնը «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» Սրտի Ճաշարանին Մէջ

Ս.Զատկուան տօնին առիթով «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը կազմակերպեց յատուկ հաւաք շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի,17 Ապրիլ 2019-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» սրտի ճաշարանին մէջ: Մթնոլորտը ճոխացուց Մարալ Վարդապետեան: Ծերունիները ասմունքով, երգերով եւ սրտի խօսքերով արտայայտեցին իրենց զգացումները: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հաւկթամարտ: Ձեռնակի…

Աւելին
«Վարդուհի Տեկիրմենճեան» Խոհանոցի Տարեցներու Յատուկ Նոր Տարուան Հաւաքը

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով եւ համաձայն իր աւանդութեան, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յատուկ հաւաք կազմակերպեց շաբաթական երկու օրերու դրութեամբ ճաշ ստացող տարեցներուն համար: Այս եզակի հաւաքը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն հաւաքը իրենց…

Աւելին
Դասախօսութիւն

Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» սրտի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը յատուկ տարեցներուն` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ: Օրուան բանախօսն էր Հայր Աւետիք աբեղայ Տէր Կարապետեան, որ խօսեցաւ Քառասնօրեայ Մեծ պահքի իմաստին եւ կարեւորութեան մասին: Ապա ծերունիները ասմունքով, երգերով եւ սրտի խօսքերով արտայայտեցին…

Աւելին
«Մեծ Պահքը» Նիւթով Դասախօսութիւն` Տարեցներուն

Երէկ` հինգշաբթի, 15 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» խոհանոցին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը յատուկ տարեցներուն` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սօսի Արամեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ, թէ խոհանոցը հիմնուած է 2004-ին: Ծրագիրը սկսած է փոքր թիւով ծերունիներու ճաշ պատրաստելով, ապա քանի…

Աւելին
Տարեցներու Ամանորեայ Հաւաքոյթ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու տարեկան աւանդական Կաղանդի ձեռնարկը` աւելի քան 90 տարեցներու: Օրուան հանդիսավար Սեւան Ադամեան-Կարապետեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն…

Աւելին
Դասախօսութիւն՝ «Մարմնի Մաքրութիւն» նիւթով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբը շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ կը հայթայթէ կարիքաւորներու եւ զանազան առիթներով օգտակար գիտելիքներ կը փոխանցէ անոնց: Առ այդ, կազմակերպեց «Մարմնի Մաքրութիւն» նիւթով դասախօսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, կարիքաւորներու եւ ծերունիներու: Դասախօսութիւնը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Աւանդական Տոհմիկ Օրը` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, նախագահութեամբ Ոսկի Կերեքմեզեանի, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն եւ «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցին, շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ու տոհմիկ օր: Տոհմիկ օրուան բացումը կատարեցին Պուրճ Համուտի…

Աւելին
Պտոյտ Դէպի Պէքաա

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբը, շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ հայթայթելուն առընթեր, կը ձգտի զանազան ձեռնարկներով ուրախացնել եւ հաճելի պահեր շնորհել կարիքաւորներուն: Այս նպատակով կազմակերպեց միօրեայ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի Պեքաա շրջանը , որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 3 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, յանձնախումբի եւ օգնական…

Աւելին
Ճաշի Դասընթացք

Երկուշաբթի, 13 Մարտ 2017-ին, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան «Վ. Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին մէջ տեղի ունեցաւ անվճար ճաշի դասընթացք մը, նախաձեռնութեամբ խոհանոցի Երեքշաբթի օրուան յանձնախումբին: Դասընթացքին ներկայ եղան լիբանանահայ եւ սուրիահայ տիկիններ, որոնք ստացան օգտաշատ գիտելիքներ ճաշերու թէ աղցաններու պատրաստութեան, բաղադրութեանց ու ձեւերու մասին: Տեղին է յիշել, որ ճաշատեսակներու պատրաստութիւնն ու բացատրութիւնը կատարեցին…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» Խոհանոցի Եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի Ճաշարանի Տարեցներու Ամանորի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբերուն, հինգշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» խոհանոցի եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի ճաշարանի ծերունիները միասնաբար տօնեցին իրենց Նոր տարին եւ ուրախ ժամեր անցուցին: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական…

Աւելին
Տարեցներու միօրեայ պտոյտ դէպի Այնճար

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանայ շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ հայթայթել կարիքաւորներու: Ան իր մարդասիրական առաքելութիւնը կ'իրագործէ շնորհիւ բարերարներու, որոնք նիւթական ներդրումով կը նպաստեն ծրագրի յաջողութեան: Յանձնախումբը, խոհանոցէն օգտուող կարիքաւորները ուրախացնելու եւ հաճելի ժամանակ անցընելու նպատակով, կազմակերպեց միօրեայ պտոյտ մը դէպի Այնճար, որ…

Աւելին
Տարեցներու Աւանդական Կաղանդի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-Ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի երկու յանձնախումբերուն, տարեցներու աւանդական կաղանդի ձեռնարկը, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներուն, Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբերու ընկերուհիներուն եւ բարերար՝ Պրն. Պերճ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը պարգեւատրեց իր բարերարներէն Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանը

Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը պարգեւատրեց իր բարերարներէն Պր. Պերճ Կիւլպէնկեանը, որ տասը տարիներէ իվեր կը հոգայ 100-է աւելի կարօտեալներու եւ անտէր ծերերու շաբաթը միօրեայ ճաշը: 2004-ի աւարտին, Պր. Կիւլպէնկեանի առաջադրանքով եւ ֆինանսաւորումով, ԼՕԽ-ը սկսաւ 100 կարօտեալ եւ անտէր ծերերու շաբաթը մէկ օր տաք ճաշ հրամցնել: Բարերարին փափաքն էր, որ 100 ծերերէն 10-ը ըլլան արաբներ, առ ի երախտագիտութիւն Լիբանանի…

Աւելին