Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան  "Տաք Ճաշ"ը

Երբ "Տաք Ճաշ" ըսենք, անմիջապէս մեր առջեւ կը պարզուի Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութիւնը։ Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութիւնը ունի զանազան յանձնախումբեր, իրեն վիճակուած պարտաւորութիւնները յաջողութեամբ պսակելու ու ծառայելու հանրութեան։

Այս յանձնախումբերէն է Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը, որ տարիներով յանձն առած է պատրաստելու, ծրարելու ու հրամցնելու իր շատ սիրելի պարագաներուն, որոնք ամէն Չորեքշաբթի գոհունակութեամբ կը ստանան իրենց տրամադրուած այդ օրուայ "Տաք Ճաշ"-ը։

"Տաք Ճաշը" կը հովանաւորէ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը, որ բնաւ ճիգ չխնայեր սոյն նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու։

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան խոհանոցի յանձնախումբը Չորեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2026-ին դարձեալ իր պարտաւորութիւնը՝ "Տաք Ճաշ"-ը հրամցուց Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան քով արձանագրուած պարագաներուն։

Այս շաբթուայ ճաշին իրագործման օժանդակեց "Dekerco” հաստատութիւնը, որ տրամադրեց ճաշին մէջ օգտագործուելիք մսեղէնն ու բանջարեղէնը։

"Dekerco” հաստատութունը իր մօր՝ Վարդուհի Տէքիրմէնճեանի յիշատակին համար էր որ նուիրեց այս մէկը, որուն անուամբ ալ մկրտուած է Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցը։

վարձքը կատար "Dekerco” հաստատութեան։ վարձքը կատար Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան խոհանոցի ընկերուհիներուն։

Մեր տաքուկ շնորհակալութիւնը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան։