Դասախօսութիւն՝ «Մարմնի Մաքրութիւն» նիւթով

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբը շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ  տաք ճաշ կը  հայթայթէ կարիքաւորներու  եւ զանազան առիթներով օգտակար գիտելիքներ կը փոխանցէ անոնց:

Առ այդ, կազմակերպեց «Մարմնի Մաքրութիւն» նիւթով դասախօսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, կարիքաւորներու եւ ծերունիներու:

Դասախօսութիւնը ներկայացուց ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու՝ ընկհ. Վերժին Խորշիտեան: Ան խօսեցաւ եւ բացատրեց, թէ ինչպէ'ս հարկ է մեր մարմինը մաքուր պահել, սկսելով գլուխէն մինչեւ ոտքի մատները:

Ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին եւ գոհունակութեամբ բաժնուեցան: