Տարեցներու միօրեայ պտոյտ դէպի Այնճար

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէքիրմէնճեան» խոհանոցի յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանայ  շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ  հայթայթել կարիքաւորներու: Ան իր մարդասիրական առաքելութիւնը կ'իրագործէ շնորհիւ բարերարներու, որոնք նիւթական ներդրումով կը նպաստեն ծրագրի յաջողութեան:

Յանձնախումբը, խոհանոցէն օգտուող կարիքաւորները ուրախացնելու եւ հաճելի ժամանակ անցընելու նպատակով, կազմակերպեց միօրեայ պտոյտ մը դէպի Այնճար, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 23 Մայիս 2016-ին: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեան, Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան, յանձնախումբի ընկերուհիները եւ շուրջ 80 կարիքաւորներ:

Առաւօտեան կանուխ, խումբը կազմ ու պատրաստ կը սպասէր փոխադրակառքերուն, որոնք ճամբայ ելան ժամը 9:00-ին:

Այցելութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցան գիւղի քահանայ հօր՝ Տէր Աշոտ Ա.քհն.Գարագաշեանի կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ աղօթեցին «Տէրունական» եւ «Տէր Ողորմեա´» աղօթքները, ապա քահանայ հայրը ներկայացուց Այնճար հայաւանի պատմականը: Խումբը Մուսա Լերան հերոսամարտի համալիրին ծանօթանալէն եւ յիշատակի նկարներ նկարուելէն ետք, բարձրացան փոխադրակառքերը եւ ուղղուեցան դէպի Այնճարի  պատմական բերդը, շրջելէ ետք անոր շուրջ շարունակեցին դէպի «Արեւ» ճաշարան:

Ճաշարանատէրը շատ սիրալիր ընդունելութեամբ, ձրիօրէն հիւրասիրեց խումբը, հրամցնելով համադամ ճաշ եւ առատ պտուղ:  Ան տրամադրեց նաեւ DJ-ը, որ հայկական Ճոխ երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:

Ներկաներուն  ուրախութիւնը աննկարագրելի էր: Անոնք  երգերով եւ շուրջպարերով արտայայտեցին իրենց ուրախութիւնը: Անմոռանալի եւ յիշատակելի ժամեր անցուցին եւ սիրտի մեծ գոհունակութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան, շնորհակալութիւն յայտնելով թէ´ ճաշարանատիրոջ եւ թէ´ յանձնախումբին: