Շուշի — Լուրեր

Կաղանդի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ գործակցաբար շրջանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին, Զահլէի «Հայ կեդրոն»ին մէջ, Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ երեխաներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկ: Կեդրոնին մէջ կը տիրէր բացառիկ ու գեղեցիկ մթնոլորտ, զոր ստեղծած էին շրջանի փոքրերը իրենց ծնողներուն հետ միասնաբար : Տիկ. Լիզա Հէքիմեանի հետ ժամանած կերպարները, ներկաներուն ստեղծեցին ուրախ պահեր. երգեցին…

Աւելին
Ձեռնարկ Միջինքի Առիթով

Երկու հարիւր ներկաներու համար ուրախալի պահ էր գտնուիլ Լ.Օ.Խ.-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան Միջինքի առիթով կազմակերպած ճաշկերոյթին, «Քատիրի» պանդոկի «Քրիստալ» սրահին մէջ: Արդ, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին: Ապա վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ֆիմի Տէմիրճեան, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Շուշի» մասնաճիւղին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Զահլէի մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2016-ին, Զահլէի «Հայ Կեդրոն»ը ապրեցաւ կաղանդի մթնոլորտ մը: Արդ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, կեդրոնի սրահին մէջ հաւաքուեցան շրջանէն 50 փոքրիկներ: Անոնք վայելեցին ներկայութիւնը հանդիսավար՝ տիկին Լիզա Հէքիմեանի, որ իր շուրջ համախմբեց երեխաները զուարճացնելով զանոնք, իր պատրաստած խաղերով: Ձեռնարկի աւարտին, Կաղանդ Պապուկը այցելեց…

Աւելին
«Շուշի» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75-Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Զահլէի «Թիլալ» ճաշարանին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75 ամեակը: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած Տէր եւ Տիկին Յարութ Քիւրիւմեանները, հայ եւ օտար հիւրեր, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու…

Աւելին
Միջինքի Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան (Զահլէ), Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2015-ին կէսօրուան ժամը 12։00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Միջինքի հաւաքոյթը, «Թիլալ» ճաշարանին մէջ։ Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Մարկօ Բարսեղեան, բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանին, Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցողիկ…

Աւելին
«Շուշի» Մասնաճիւղի Միջինքի Ձեռնարկին

11 մարտ 2014-ին Զահլէի «Մոնթէ Ալպերթօ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի Միջինքի առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին 160 հոգիներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Այտա Ճորճ Գասարճի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Այնճարի Տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչները: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Մարկօ Բարսեղեան: Ան բարի գալուստ…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գա ղա փա րը ու նե ցաւ 26 նոյեմբերի հեր թա կան Ա. ժո ղո վը վե րա ծե լու ու րախ առի թի մը, երբ եր կար ժա մա նակէ ի վեր զի րար չտե սած ԼՕԽ-ական ներ վա յե լե ցին հան դիպ ման պա հը։ Վար չա կաննե րը յար մար տե սած էին այս հա մախմ բու մի ընթացքին պատ ուել աւե լի քան 25 տա րի նե րէ ի վեր ԼՕԽ-ի ըն տա նի քին ծա ռա յած ըն կե րու հի նե րը։ Ժո ղո վի աւար տին գոր ծադր ուե ցաւ կարճ յայ տա գիր…

Աւելին
ՇՈՒՇԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽի Շուշի մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ 26 նոյեմբերի հերթական Ա. ժողովը վերածելու ուրախ առիթի մը, ուր երկար ժամանակէ ի վեր զիրար չտեսած ԼՕԽականներ վայելեցին հանդիպման պահը։ Այս համախմբումին առիթը ԼՕԽի 80-ամեակն ու Շուշի մասնաճիւղի 70-ամեակն էր. կամաւորներու օրուան նախօրեակին վարչականները յարմար տեսած էին պատուել աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր ԼՕԽի ընտանիքին ծառայած ընկերուհիները։ Ժողովի աւարտին գործադրուեցաւ…

Աւելին