Կարինէ — Լուրեր

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի«Կարինէ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան(Ամանոս),

Հինգշաբթի 8 հոկտեմբեր 2026-ին ,«Ս.Թեհլիրեան» ակումբին մէջ ,տեղի ունեցաւ «Մտերմիկ Հանդիպում»մը համախմբելու մասնաճիւղի ընկերուհիները,ներկայութեամբ՝Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ընկհ.Սիրուն Վարդապետեանի։ ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ,մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ.Սոնա Սէրայտարեան բարի գալուստ մաղթելով,գնահատեց իւրաքանչիւր խաչուհիի նուիրումը,սրտի ջերմութիւնը եւ ծառայելու ոգին։ Ապա ընկհ Սիրուն Վարդապետեան…

Աւելին
«Կարինէ» մասնաճիւղի Ընկերային հանդիպում

Լ. Օ. Խ.-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի Ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,19 Մարտ 2022-ին, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբի սրահին մէջ։ Օրուան պատգամը փոխանցեց հգշն. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան։ Ատենապետուհիէն անկախ, խօսք առաւ կոմիտէի հրաւիրեալ ընկերը, տեղի ունեցան զանազան խաղեր, ուր ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան Լ. Օ. Խ.-ի մասնաճիւղերուն։

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» (Ամանոս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2017-ին, շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Յասմիկ Գոճայեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա…

Աւելին
Պտոյտ դէպի «Պէքաա»

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը դէպի Պէքաա, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, բարեկամներու եւ հիւրերու: Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:30.ին: Առաջին կանգառը Զահլէի «Սէյիտէթ Զահլէ» եկեղեցին էր, ուր մասնակիցները աղօթեցին…

Աւելին
Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան առիթով կազմակերպուած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2017-ին: Առաւօտեան, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պիքֆայայի մայրավանքը, ուր աղօթելէ ետք, վարչութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց եղեռնի նահատակներուն յուշարձանին առջեւ: Ապա շարունակեցին դէպի «Համլայա»-ի «Րաֆքա» սրբավայրը: Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ «Ապու Թոնի» ճաշարանը: Լիբանանի եւ ՀՕՄ-ի…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» (Ամանոս) մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պրունսուզեան, կատարեց ձեռնարկին բացումը: Ան ըսաւ.- «Կաղանդը բոլորին ամենասիրելի…

Աւելին
Խաչքարի Զետեղման Բացման Հանդիսութիւն

Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ժամադրուած էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան նորընտիր եւ ընթացաւարտ կազմերու ընկերուհիները, «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) նորընտիր եւ ընթացաւարտ վարչական կազմերու ընկերուհիները, նախկին ատենապետուհիներ, վաստակաշատ երէց ընկերուհիներ, ներկայ գտնուելու մասնաճիւղիս հիմնադրութեան 60 ամեակին առիթով, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնին նուիրուած խաչքարի զետեղման…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) վարչութեան կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2016-ին, շրջանիս «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ: Հաւաքոյթին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեան, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ համակիրներ: Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պրունսուզեան: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ…

Աւելին
60-Ամեակ ....60 Փոքրիկներու խրախճանք

Հովանաւորութեամբ ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան , կազմակերպութեամբ՝ «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ հիւրասիրութեամբ՝ «Ժպիտ» խմբակին , Շաբաթ, 14 Մայիս 2016-ին , տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, երկրորդ ձեռնարկը, որ իւրայատուկ էր իր տեսակով եւ իմաստով: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանը, մասնաճիւղի վարչական…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Նշում

Մասնաճիւղի մը հիմնադրութեան տարեդարձը տօնակատարելը առիթ մըն է ուխտի վերանորոգման, վերաշխուժացման եւ պատգամ մը՝ նոր սերունդին, երիտասարդ ուժերով հարստացնելու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը: Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2016-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ամանոս շրջանի ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան, Մարաշի հայրենակցական միութեան նորակառոյց , շքեղ «Գերմանիկ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի 60…

Աւելին
Ամսական դրութեամբ` 2-րդ  հանդիպում

Ամանոս շրջանի , ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, միշտ նախանձախնդիր համախմբելու իր անդամուհիները, որոշած էր յատուկ աշխատանք տանիլ, իր տարեկան մշակած ծրագրին զուգընթաց , իւրաքանչիւր ամսուան մէջ օր մը հրաւիրել եւ հաւաքել իր գործօն ընկերուհիները սեղանի մը շուրջ, միասնաբար ճաշակելու վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերն ու անուշեղէնը: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 11 Մարտ 2016-ին , իսկ երկրորդ հանդիպումը…

Աւելին
Ամսական դրութեամբ հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, միշտ նախանձախնդիր համախմբելու իր անդամուհիները, որոշած էր յատուկ աշխատանք տանիլ, իր տարեկան մշակած ծրագրին զուգընթաց , իւրաքանչիւր ամսուան մէջ օր մը հրաւիրել եւ հաւաքել իր գործօն ընկերուհիները սեղանի մը շուրջ, միասնաբար ճաշակելու վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերն ու անուշեղէնը: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 11 Մարտ 2016-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի , ԼՕԽ-ի…

Աւելին
ԼՕԽ-ի Մասնաճիւղերու Ամանորի Ձեռնարկները (2016)

«Ա. Ազիրեան» (նոր Սիս) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազիրեան ակումբի, «Ա. Գապագեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշի հաւաքոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Տէվէլեանի, 75 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Վարչութեան ատենապետ Թալին Պալթարեան բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք պատուեցին եւ քաջալերեցին ձեռնարկը: Ապա հրաւիրեց երետասարդ երգիչ` Յարութ…

Աւելին
«Կարինէ» մասնաճիւղի Ամանորի Ձեռնարկը (2015)

ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն համար ամանորի ձեռնարկ կազմակերպելը արդէն դարձած է աւանդութիւն: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ամանոս) Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, կազմակերպած էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով ձեռնարկ մը եւ ստեղծած տօնական մթնոլորտ: Սրահի սեղանները զարդարած էին եռագոյն բուչիկներով, վարչական ընկերուհիներուն ձեռամբ…

Աւելին
Ընկերային Հանդիպում

Ամանոս շրջանի «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ գործող, ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ներքին ձեռնարկ մը «Ընկերային Հանդիպում» անուան տակ, երկուշաբթի 9 Նոյեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արաքսի Խտըրլարեանի, հրաւիլեալներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: ԼՕխ-ի քայլերգի յոտնկայս…

Աւելին
Մասնաճիւղերու Ձեռնարկներ

ԼՕԽ-ի մարդասիրական, առողջապահական, կրթական, ընկերային, քարոզչական եւ այլ գործունէութեանց հետ զուգահեռ, իր հիմքը հանդիսացող խարիսխը` իր մասնաճիւղերը, իրենց տարեկան ծրագիրներուն մէջ կը ներառեն այնպիսի ձեռնարկներ, որոնք կը նպաստեն անդամուհիներուն եւ համակիրներուն հոգեկան խաղաղութեան, առիթ կը ստեղծուի իրենց մոռնալու առօրեայի տառապանքները, երկրի աննպաստ պայմաններու պատճառով ստեղծուած տագնապները եւ որպէս մարդ` իրաւունքը ունենալու…

Աւելին
Ընկերային հանդիպում

Լօխ-ի «Կարինէ » մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ամանոս) Երեքշաբթի 15 Սեպտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00 ին շրջանի« Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբին մէջ կազմակերպեց ընկերային հանդիպում մը , ուր սեղանի մը շուրջ հրաւիրեց մասնաճիւղի վարչութեան ընկերային յանձնախումբը ինչպէս նաեւ որդեգրուած ծերերը, որոնցէ միքանին չկարողացան ընդառաջել հրաւէրը (առողջապահական պատճառներով) սակայն վարչական ընկերուհիները յանձն առին անոնց ճաշի բաժինը հասցնելու…

Աւելին
Դաշտագնացութիւն Լիբանանի տարբեր գիւղեր (2015)

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) նորընտիր վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2015-ին կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Ձեռնարկին նպատակն էր համախմբել շրջանի ընկերուհիները, համակիրները եւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացողները, միասնաբար անցնելու հաճելի օր մը բնութեան գիրկը, միաժամանակ կոկիկ գումար մը ապահովելով օգտակար դառնալու կարիքաւորին, հիւանդին ու աշակերտին: Աւելի քան հարիւր յիսուն…

Աւելին
Մայրերու Օր (2015)

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 15 Մայիս 2015-ին տեղի ունեցաւ Մայրերու յատուկ ձեռնարկ մը, Ամանոսի «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի , կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ազատ Խանզէթեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներու, հրաւիրեալներու եւԼՕԽ-ականներու ։ Սրահի մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան…

Աւելին
Ընկերային Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը , ուրբաթ ,13 Փետրուար 2015-ին , առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Սողոմոն Թէհլիրեան » ակումբին մէջ , «Ամանոս» կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Ալին Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ.Սիրուն Վարդապետեանին, Կոմիտէի ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, հիւրերուն եւ…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ (2014)

2015 տարին ուրախ մթնոլորտով դիմաւորելու ակնկալութաեմբ, ԼՕԽ-ի Ամանոս շրջանի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւը երեքշաբթի 9 դեկտեմբեր 2014-ին «Քարաքադ Ալ Հաճ » ճաշարանին մէջ, ջերմ մթնոլորտի մէջ կազմակերպած էր «Ամանորի ձեռնարկ» մը ,ներկայութեամբ՝ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի եւ աւելի քան 80 ընկերուհիներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներու: Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ,Կաղանդը…

Աւելին
Պտոյտ դէպի ‘’Պաթրուն’’

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի նոր տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Սեպտեմբեր 2014-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սիրուն վարդապետեան-ի, մասնակցութեամբ Լ.Օ.Խ.-ական ընկերուհիներու ,համակիրներու եւ հրաւիրեալներու, թիւով 83 հոգի: Պտոյտը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մօտէն, առաւօտեան ժամը 8:30-ին , ուղղուելով դէպի ‘’ Պաթրուն’’-ի գեղեցիկ ծովեզերեայ 4 եկեղեցիները`’’ Մար…

Աւելին
Ճաշ` Ի Պատիւ Տարեցներու

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի» յայտարարելով, որ ասիկա կը մեկնի այն իրողութենէն, որ տարեց սերունդը աւիշն է մեր ընկերութեան, հիմքը ընտանիքին եւ զօրեղ կռուաններէն մէկը որեւէ կազմակերպութեան` անհրաժեշտութիւն նկատելով անոնց նկատմամբ ցուցաբերել հոգածութիւն, սէր, խնամք եւ յարգանք: Առ այդ, Ամանոս շրջանի ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը` որպէս իր ժամանակաշրջանի եզրափակիչ ձեռնարկ, 29…

Աւելին
«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…

Աւելին