Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» (Ամանոս) մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պրունսուզեան,  կատարեց ձեռնարկին բացումը: Ան  ըսաւ.- «Կաղանդը բոլորին ամենասիրելի տօնն է եւ Ամանորը առիթ մըն է նորոգելու մեր կեանքը, զինուած նոր յոյսերով, նոր երազանքներով եւ աւելի փայլուն ապագայի մը հեռանկարով»: Ապա Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեան, փոխանցեց իր սրտին խօսքը, շնորհաւորելով բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով, որ 2017-ը ըլլայ բարեբեր ու խաղաղ տարի մը, իր հետ բերէ առողջութիւն, հոգիի խաղաղութիւն եւ փափաքներու իրականացում: Ան  գնահատեց ընկերուհիներուն՝ ի սպաս ԼՕԽ-ին անսակարկ նուիրումը եւ ծառայութիւնը։ Վարչութիւնը պատրաստած էր ճոխ յայտագիր մը՝ երգ ու պար, նուէրներ, վիճակահանութիւն, համադամ ճաշեր, ուսուցողական ու հետաքրքրական տեղեկութիւններ Կաղանդին  «poinsetillas» կարմիր տերեւներով բոյսին մասին եւ հաճելի խաղեր, որոնք խանդավառութիւն ստեղծեցին  ներկաներուն մօտ:

Մթնոլորտը  աւելի ճոխացաւ, երբ Կաղանդ Պապան ժամանեց՝ Կաղանդ Մամային ընկերակցութեամբ:

Խանդավառուած ճոխ մթնոլորտէն եղան նուիրատուութիւններ: Բոլորը մեկնեցան գեղեցիկ յուշերով, իրենց հետ ունենալով տօնական փայլուն մոմեր, լուսաւորելու մեր հայ օճախները: