Մասնաճիւղեր

ԼՕԽի Կարինէ Մասնաճիւղ

Կարին կը կոչուի նաեւ Էրզրում քաղաքը: Կարին ,գաւառ է Մեծ Հայքի նահանգին մէջ: Ջրառատ է. ունի խիտ գետային ցանց : Հողերը բերքառատ են յատկապէս լաւ կ’աճին հացահատիկային բոյսերը:

Կարին գրաւուած է Օսմանեան թուրքերուն կողմէ 1514-ին: Ռուսական զօրքերը բազմաթիւ անգամներ գրաւած են Կարին գաւառը, բայց ստիպուած վերադարձուցած են զայն Թուրքերուն: 1829-30ին տասնեակ հազար հայեր գաղթեցին գաւառէն եւ բնակութիւն հաստատեցին Ախալցխա, Լոռի, Փանբակ եւ այլուր:

Հայերը կը զբաղուէին երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ եւ արհեստներով: Կարնեցիին տունը ուշագրաւ էր իր մաքրութեամբ եւ գեղեցիկ կահաւորութեամբ: Յայտնի էր Աստուածածին կամ Հնձոց վանքը, ան եղած էր դպրութեան եւ ուսումնական կեդրոն: Կարին գաւառի հայաբնակ գիւղերը բազմաթիւ անգամներ թալանուած են եւ բնակիչները զոհուած : Էրզրում քաղաքի եւ Կարին գաւառի հայութիւնը բռնութեամբ տեղահանուեցաւ 1915-ին մեծ Եղեռնի ժամանակ:

1909-ի տուեալներով Կարին գաւառին մէջ կար 45 հայաբնակ գիւղ:

Պէյրութի ‘’Ամանոս ‘’ շրջանի մէջ ‘’Կարինէ ‘’ մասնաճիւղը հիմնուած է 1955-ին:

Առաջին վարչական կազմը բաղկացած է հետեւեալ ընկերուհիներէն՝ Պերճուհի Յարութիւնեան, Ժանէթ Պետոյեան, Զապէլ Տէօլտիլեան, Լուսնթագ Չոգագլեան, Թրֆանտա Գալայճեան, Ազատուհի Սոֆեան, Մարիամ Քէշիշեան: Ամանոսը կը գտնուի Անդր Նահրի ծայրամասին մէջ, Տորայի բոլորակէն դէպի աջ եւ

կ՛երկարի մինչեւ Մար Եուսէֆի շրջանը: Ազգային« Էհրամճեան » Վարժարանը կը գտնուի այս տարածքին մէջ եւ « Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի հովանաւորութիւնը կը վայելէ շրջանը , որուն ակումբին մէջ կը գործէ ԼՕԽ-ի վարչութիւնը:

Բաժնեկցիլ

Լուրեր

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի«Կարինէ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան(Ամանոս),

Հինգշաբթի 8 հոկտեմբեր 2026-ին ,«Ս.Թեհլիրեան» ակումբին մէջ ,տեղի ունեցաւ «Մտերմիկ Հանդիպում»մը համախմբելու մասնաճիւղի ընկերուհիները,ներկայութեամբ՝Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ընկհ.Սիրուն Վարդապետեանի։ ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ,մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ.Սոնա Սէրայտարեան բարի գալուստ մաղթելով,գնահատեց իւրաքանչիւր խաչուհիի նուիրումը,սրտի ջերմութիւնը եւ ծառայելու ոգին։ Ապա ընկհ Սիրուն Վարդապետեան…

Աւելին
«Կարինէ» մասնաճիւղի Ընկերային հանդիպում

Լ. Օ. Խ.-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի Ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,19 Մարտ 2022-ին, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբի սրահին մէջ։ Օրուան պատգամը փոխանցեց հգշն. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան։ Ատենապետուհիէն անկախ, խօսք առաւ կոմիտէի հրաւիրեալ ընկերը, տեղի ունեցան զանազան խաղեր, ուր ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան Լ. Օ. Խ.-ի մասնաճիւղերուն։

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» (Ամանոս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2017-ին, շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Յասմիկ Գոճայեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա…

Աւելին
Պտոյտ դէպի «Պէքաա»

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը դէպի Պէքաա, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, բարեկամներու եւ հիւրերու: Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:30.ին: Առաջին կանգառը Զահլէի «Սէյիտէթ Զահլէ» եկեղեցին էր, ուր մասնակիցները աղօթեցին…

Աւելին
Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան առիթով կազմակերպուած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2017-ին: Առաւօտեան, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պիքֆայայի մայրավանքը, ուր աղօթելէ ետք, վարչութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց եղեռնի նահատակներուն յուշարձանին առջեւ: Ապա շարունակեցին դէպի «Համլայա»-ի «Րաֆքա» սրբավայրը: Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ «Ապու Թոնի» ճաշարանը: Լիբանանի եւ ՀՕՄ-ի…

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» (Ամանոս) մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2016-ին, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ եւ համակիրներ: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պրունսուզեան, կատարեց ձեռնարկին բացումը: Ան ըսաւ.- «Կաղանդը բոլորին ամենասիրելի…

Աւելին
Բոլոր լուրերը