Մայրերու Օր

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան առիթով կազմակերպուած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2017-ին: 

Առաւօտեան, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պիքֆայայի մայրավանքը, ուր աղօթելէ ետք, վարչութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց եղեռնի նահատակներուն յուշարձանին առջեւ: Ապա շարունակեցին դէպի «Համլայա»-ի «Րաֆքա» սրբավայրը: Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ «Ապու Թոնի» ճաշարանը:

Լիբանանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պռունսուզեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք օժանդակած էին ձեռնարկի յաջողութեան եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերած էին  սոյն ձեռնարկը:

            Տեղի  ունեցան Համբարձման վիճակի, տարեկան եւ ձեռնարկի վիճակահանութեան  վիճակաձգութիւնները: Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

 Ուրախ, հաճելի եւ յիշատակելի ժամեր անցընելէ ետք, ընկերուհիները գոհունակ սրտով վերադարձան իրենց բնակարանները: