ԼՕԽ-ի «Կարինէ» (Ամանոս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2017-ին, շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Յասմիկ Գոճայեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պրունսուզեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ցուցաբերած քաջալերանքին, մասնաճիւղի ձեռնարկներուն:
Ձեռնարկը ընթացաւ ճոխ մթնոլորտի մէջ, խաղերով եւ անակնկալներով:
Ճաշի սպասարկումէն ետք, ժամանեց Կաղանդ Մաման աւելի ճոխացնելով մթնոլորտը: Ան նուէրներ բաժնեց բոլոր ներկաներուն: Յատուկ նուէր մը ստացաւ ձեռնարկին ներկայ ամէնէն տարեցը:
Տեղի ունեցան վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւններ:
Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:
Ձեռնարկէն ետք վարչական ընկերուհիները այցելեցին մասնաճիւղի ծերերուն տուները, ուրախացուցին զանոնք բաժնելով անոնց նուէրներ եւ ուտեստեղէն: Շնորհաւորեցին անոնց Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով քաջառողջ ու հեզասահ օրեր:












