ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ, «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը դէպի Պէքաա, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, բարեկամներու եւ հիւրերու:
Պտոյտը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 8:30.ին: Առաջին կանգառը Զահլէի «Սէյիտէթ Զահլէ» եկեղեցին էր, ուր մասնակիցները աղօթեցին եւ կարճ դադարէ մը ետք ուղղուեցան դէպի «Քֆրայա» գինիի գործարանը: Այցելեցին գինիի մառանը եւ շրջագայեցան այգիներուն մէջ:
Պտոյտին վերջին հանգրուանը հայաւան Այնճարի «Գազինօ Այն Այնճար» ճաշարանն էր: Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պրունսուզեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարած են ձեռնարկի յաջողութեան: Ան նշեց, թէ ԼՕԽ-ը ծնունդ առած է հայ ժողովուրդի ծոցէն, հայ ժողովուրդին ծառայելու համար, նպատակ ունենալով պատրաստել օրինակելի հայուհիներ եւ մայրեր:
Ներկաները հաճելի ժամեր անցուցին: Մթնոլորտը աւելի ճոխացաւ հայկական շուրջպարերով: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն:
Ձեռնարկի աւարտին վարչութիւնը ծաղկեփունջով մը պատուեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, իբր երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն:
Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան, փափաք յայտնելով, որ նման ձեռնարկներ յաճախ կազմակերպուին:













