Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի«Կարինէ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան(Ամանոս),

Հինգշաբթի 8 հոկտեմբեր 2026-ին ,«Ս.Թեհլիրեան» ակումբին մէջ ,տեղի ունեցաւ «Մտերմիկ Հանդիպում»մը համախմբելու մասնաճիւղի ընկերուհիները,ներկայութեամբ՝Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ընկհ.Սիրուն Վարդապետեանի։

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ,մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ.Սոնա Սէրայտարեան բարի գալուստ մաղթելով,գնահատեց իւրաքանչիւր խաչուհիի նուիրումը,սրտի ջերմութիւնը եւ ծառայելու ոգին։

Ապա ընկհ Սիրուն Վարդապետեան անդրադարձաւ սոյն համախմբումի նպատակին,որն է վերանորոգել ընկերական կապերը եւ գեղեցիկ յիշատակներ ստեղծել.ան խրախուսեց զարկ տալ անդամարշաւին, եւ ձեռք ձեռքի տալով իրագործել օգտաշատ ծրագիրներ նպաստելու ԼՕԽ-ին եւ շրջանի հայութեան։

Աւարտին վարչութիւնը իր իսկ ձեռքով պատրաստած ուտելիքներով հիւրասիրեց ներկաները,որմէ ետք հոկտեմբեր ամսուան մէջ ծնած,չորս ընկերուհիներու անակնկալ տարեդարձը նշուեցաւ,որոնք միասնաբար հատեցին համեղ կարկանդակը։

Ընկերուհիները ուրախ տրամադրութեամբ եւ գոհունակ ջերմ մթնոլորտէն,խնդրեցին որ յաճախ կրկնուին նոյնանման մտերմիկ հանդիպումներ։