Ամսական դրութեամբ հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, միշտ նախանձախնդիր համախմբելու իր անդամուհիները, որոշած էր յատուկ աշխատանք տանիլ, իր տարեկան մշակած ծրագրին զուգընթաց , իւրաքանչիւր ամսուան մէջ  օր մը հրաւիրել եւ հաւաքել իր գործօն ընկերուհիները սեղանի մը շուրջ, միասնաբար  ճաշակելու վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերն ու անուշեղէնը:

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 11 Մարտ 2016-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի , ԼՕԽ-ի վարչութեան սենեակին մէջ:

Հայկական «Իջ»- ն ու «թահին»-ով անուշեղէնը, որպէս քառասնորդաց շրջանի  ծոմապահութեան յարմար ուտելիքներ, գնահատուեցան բոլորին կողմէ:
Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, արծարծուեցան մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքին  հետ առնչուող հարցեր:

ԼՕԽ-ի երդիքին տակ , սոյն հանդիպման  մտերմիկ մթնոլորտը, հաճելի խօսակցութիւնն ու համեղ ճաշերը կարծես քաջալերած էին բոլորը, առաջարկելու, որ նոյնանման հանդիպումներ յաճախակի կրկնուին եւ  յաջորդ հանդիպման թուականը ըլլայ մօտալուտ: