Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը:
Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը:
«Կարինէ» Մասնաճիւղ
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) վարչութիւնը 13 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Ժալ Էլ Տիպի «Խան Ուարտ» ճաշարանին մէջ կազմակերպեց մայրերու նուիրուած ձեռնարկ մը: Ի պատիւ մայրերուն, վարչութեան անդամները պատրաստած էին ձեռային աշխատանքներ` կարմիր կտորով վարդերէ կրծքասեղներ, որոնք զետեղուեցան իւրաքանչիւր սրահ մտնողի կուրծքին:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք վարչութեան ատենապետ Ժանէթ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց մայրերը` անդրադառնալով անոնց անփոխարինելի առաքելութեան եւ ստանձնած ծանր ու կարեւոր պարտականութեան:
Գործադրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր, երիտասարդ Սամուէլ Առնէլեան սաքսոֆոնի վրայ նուագեց հայկական գեղեցիկ երգեր:
Հայաստանէն ժամանած ՀՕՄ-ական Մարօ Բոտիկեան ասմունքեց «Մօր ձեռքերը», իսկ սուրիահայ Մարի Ինճէեան երգեց «Զինուոր»-ի եւ «Մայրիկիս» երգերը:
Ան նաեւ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի հովանիին տակ գործող կառոյցներու կարեւոր առաքելութեան` շեշտելով, որ պէտք է համալրել անոնց շարքերը, միանալ անոնց, որպէսզի շարունակուի կարեւոր առաքելութիւնը:
Տեղի ունեցան վիճակահանութիւն, նուիրատուութիւններ, ինչպէս նաեւ ընտրուեցաւ օրուան բախտաւոր մայրը:



























