ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 60-Ամեակի Նշում

Մասնաճիւղի մը  հիմնադրութեան տարեդարձը  տօնակատարելը առիթ մըն է  ուխտի վերանորոգման, վերաշխուժացման եւ պատգամ մը՝ նոր սերունդին, երիտասարդ ուժերով հարստացնելու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը:

Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2016-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ամանոս շրջանի ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան, Մարաշի հայրենակցական միութեան նորակառոյց , շքեղ «Գերմանիկ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի 60 տարիներու գործունէութեան գնահատման եւ արժեւորման ձեռնարկը, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կերդրոնական Վարչութեան անդամ , Ամերիկայի արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Թագւորեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեանի, մասնաճիւղի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արաքսի Խտըրլարեանի, Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներու, մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներ՝ Ժանէթ Պետոյեանի եւ Պերճուհի Տարագճեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, Նոր Ատանայի, հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Մաշտոց  Քհն. Քէշիշեանի, թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի ներկայացուցիչներու, մասնաճիւղէն անդամուհիներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու:

Սեղաները զարդարուած էին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներով:

            Սրահի մուտքին, հայկական տարազով երկու պարմանուհիներ ներկաները հիւրասիրեցին տուրմով ու խմիչքով եւ իւրաքանչիւրին նուիրեցին մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակը խորհրդանշող կրծքասեղ մը եւ յատուկ գրքոյկ մը պատրաստուած այդ առիթով իսկ նախկին եւ ներկայ բոլոր վարչականներուն մասնաճիւղի նշանակը կրող յատուկ վզկապեր :

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար՝ ընկհ. Անուշ Տեմիրճեան-Մանճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց քահանայ հայրը, որպէսզի աղօթքով կատարէ ձեռնարկի բացումը:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Յասմիկ Ջուլհաճեան ամփոփ կերպով ներկայացուց մասնաճիւղի պատմականը, անդրադարձաւ անցեալի եւ ներկայի գործունէութեան, իրերայաջորդ վարչութիւններու բռնած հիմնադիրներու լուսապայծառ ուղիին, որոնք անխոնջ գործունէութեամբ եւ ձգտելով լաւագոյնին, 60 տարիներ անսակարկ նուիրումով, ջանացին բարելաւել Ամանոս շրջանի հայորդիներու ընկերային, առողջապահական եւ տնտեսական մակարդակը, հասնելով ծերունիին, հիւանդին, անկարին եւ աշակերտին:

Ապա հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետը փոխանցելու Շրջանային Վարչութեան խօսքը: Ընկհ. Գըլպաշեան, իր կարգին շնորհաւորեց եւ բարձր գնահատեց մասնաճիւղի գործունէութիւնն ու ԼՕԽ-ի վեհ առաքելութեան հաւատացող անդամուհիները: Ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական եւ բարոյական ներդրում ունեցան մասնաճիւղի վերելքին եւ գոյատեւման:

Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլէճի աշակերտուհի՝ Լենա Կարապետեանի եւ Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն Վարժարանի աշակերտուհի՝ Ռիթա Մէլէքեանի հեզաճկուն նազպարերն ու Սիմոն Կոստանթինեանի  ձեռնադաշնակի վրայ հայկական եղանակներու նուագը,  բարձր պահեցին ներկաներուն տրամադրութիւնը եւ ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահէն ներս, որմէ քաջալերուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ , տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն որու հասույթը պիտի տրամադրուի կրթական յատկացումներու :

Ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղի ընկերուհիներուն 60 տարուան, ժրաջան եւ նուիրեալ աշխատանքը ցոլացնող տեսերիզ մը :

Հիմնադրութեան 60-ամեակի կարկանդակի հատումէն ետք, մասնաճիւղի վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց Շրջանային Վարչութիւնն ու ձեռնարկին ներկայ  երկու հիմնադիր անդամուհիները:

Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ եւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցան՝ նորանոր յոբելեաններ նշելոգ ակնկալութեամբ :