Պտոյտ դէպի ‘’Պաթրուն’’

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի նոր տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Սեպտեմբեր 2014-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ` ընկհ. Սիրուն վարդապետեան-ի, մասնակցութեամբ Լ.Օ.Խ.-ական ընկերուհիներու ,համակիրներու եւ հրաւիրեալներու, թիւով  83 հոգի:

 Պտոյտը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մօտէն, առաւօտեան ժամը  8:30-ին , ուղղուելով դէպի ‘’ Պաթրուն’’-ի գեղեցիկ ծովեզերեայ 4 եկեղեցիները`’’ Մար Ստֆան ‘’, ‘’ Մար Ճրճոս  ‘’,  ‘’ Սայիտադ ալ Սահա  ‘’’, ‘’Ալպահր Աճաիպիեէ   ‘’ :

Նախաճաշի հիւրասիրութենէ ետք, մասնակիցները ուղղուեցան  դէպի ‘’Տումա ‘’գիւղը  այցելեցին հին շուկան , ապա մեկնեցան ‘’Esclapio’’ ճաշարանը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք վարչութեան անունով ձեռնարկին  բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Ալին Արոյեան,  ան  բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն մշտական քաջալերանքին եւ աջակցութեան:

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ «Ս.Թեհլիրեան» կոմիտէին շնորհակալական խօսք ուղղելէ ետք, Արոյեան  շնորհաւորեց հայրենիք Հայաստան վերանկախացման տօնը եւ ըսաւ, թէ պատմութեան մէջ անձեր ու անուններ կը մորցուին դերեւս, բայց կը մնայ գործը, ապագայ սերունդներուն օրինակ դարնալով:

 Ան եզրաբակեց ըսելով.-«84 ամեայ ԼՕԽ-ը, այս շունչով զինեց խաչուհին եւ սերունդներ դաստիարակեց այս ոգիով. Փառք եւ յարգանք բոլորին անխտիր, ոյժ եւ կամք գալիք խաչուհիներուն»:

 Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցան նուիրատւութիւններ եւ վիճակաձգութիւն:

 Ուրախ ու ճոխ մթնոլորտով խանդաւարուելէ ետք, ներկաները լաւ հիշատակներով վերադարձան իրենց բնակարանները  երեկոյեան ժամը 7:30-ին: