ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն համար ամանորի ձեռնարկ կազմակերպելը արդէն դարձած է աւանդութիւն:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ամանոս) Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, կազմակերպած էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով ձեռնարկ մը եւ ստեղծած տօնական մթնոլորտ: Սրահի սեղանները զարդարած էին եռագոյն բուչիկներով, վարչական ընկերուհիներուն ձեռամբ, հլունով պատրաստուած տօնածառերով եւ «Կաղանդի Աստղ» կարմիր ծաղիկի թաղարներով:
Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան, ԼՕԽ-ականներ, հիւրեր եւ քոյր մասնաճիւղերու ու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ , շուրջ 85 հոգի :
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Յասմիկ Ճուլհաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յոյս յայտնեց, որ 2016 տարին ըլլայ առողջութեան եւ երջանկութեան տարի մը:
Վարչական ընկհ. Մարալ Պաղտասարեան փոխանցեց կաղանդը տօնելու ձեւերը տարբեր երկիրներու մէջ, իսկ ընկհ. Նուէր Զաքարեան անդրադարձաւ հայկական աւանդութիւններուն եւ այն ճաշերուն, որ մինչեւ օրս կը պատրաստուին Հայաստանի մէջ: Շեշտը դնելով տարեհացին վրայ ան ըսաւ.- « Մեր տատիկները անկարելի էր, որ դիմաւորէին կաղանդը առանց տարեհացի: Անոնք 12 շերտերու կը բաժնէին զայն, ըստ անցած տարուան 12 ամիսներու թիւին, կը զարդարէին 7 տեսակ հատաբոյսերով, որ կը խորհրդանշէր տիէզերքի ամբողջականութիւնը: Ընկհ. Զաքարեան հրաւիրեց 12 հոգի, որպէսզի համտեսեն իր իսկ ձեռքով պատրաստուած տարեհացը, որ հարստութեան, առատութեան եւ բախտաւորութեան խորհրդանիշն է: Շերտերէն մէկուն մէջ տեղադրած էր մետաղադրամ մը որ բաժին ինկող համտեսողը դարձաւ բախտաւորը եւ ստացաւ նուէր մը. իսկ ներկաները՝ ստացան տարեհացի խոհագիրը:
Շանթ Պաղտասարեանի տօնական երաժշտութեամբ ժամանեցին Կաղանդ Պապան եւ Կաղանդ Մաման, որոնք պարելով եւ երգելով բոլորին անխտիր բաժնեցին նուէրներ: Ապա Ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, խաղաղութիւն մաղթեց Լիբանանին եւ դրացի երկրին՝ Սուրիային ու գնահատեց վարչութեան սոյն ձեռնարկը:
Ջերմ մթնոլորտէն ոգեւորուած կատարուեցան նուիրատուութիւններ: Վիճակահանութեան տոմսերու փոխարէն վաճառուեցան կարմիր մոմակալներ: Ներկաները ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան ակումբէն:






















