Ամսական դրութեամբ` 2-րդ  հանդիպում

Ամանոս շրջանի , ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, միշտ նախանձախնդիր համախմբելու իր անդամուհիները, որոշած էր յատուկ աշխատանք տանիլ, իր տարեկան մշակած ծրագրին զուգընթաց , իւրաքանչիւր ամսուան մէջ  օր մը հրաւիրել եւ հաւաքել իր գործօն ընկերուհիները սեղանի մը շուրջ, միասնաբար  ճաշակելու վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերն ու անուշեղէնը:

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 11 Մարտ 2016-ին , իսկ երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2016-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի , ԼՕԽ-ի վարչութեան սենեակին մէջ:

Հայկական «ոսպով քիւֆթէն » , պանիրով խմորեղէնն  ու  անուշեղէնը կը ներկայացնէին այդ օրուան  ճաշացուցակը:
Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, արծարծուեցան մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքին  հետ առնչուող հարցեր, յատկապէս 60-ամեակի ձեռնարկին կապակցութեամբ:
Ընկերուհիները խոստացան օժանդակել ձեռնարկին յաջողութեան:

ԼՕԽ-ի երդիքին տակ , սոյն հանդիպման  մտերմիկ մթնոլորտը, հաճելի խօսակցութիւնն ու համեղ ճաշերը կարծես քաջալերած էին ներկայ ընկերուհիները  առաջարկելու,  որ նոյնանման հանդիպումներ յաճախակի կրկնուին եւ  յաջորդ հանդիպման թուականը ըլլայ մօտալուտ: