Հեղուշ Փափազեան — Լուրեր

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» Մասնաճիւղի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան (Ռաուտա) կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, շրջանի ակումբի սրահէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, ԼՕԽ-ական եւ քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ հիւրեր: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…

Աւելին
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղը (Ռաուտա) Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2018-ին, շրջանի ակումբէն ներս: Ձեռնարկը կը միտէր «Էհլան» շրջանին մէջ ապրող անկար եւ անտէր մամիկներն ու պապիկները ուրախացնել: Օրուան ճաշի ծախսերը ստանձնած էր մասնաճիւղի անդամուհիներէն՝ ընկհ. Սիլվի Առաքելեան: Ձեռնարկը ընթացաւ երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Զգալի…

Աւելին
Կաղանդ Պապուկի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Էհլանի» հանդիսասրահէն ներս կատարեց Կաղանդ Պապուկի ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ, Մարիա Չոլաքեան, ընկհ. Մակի Խաչերեան, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, անդամուհիներ եւ հիւրեր: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք…

Աւելին
Աշնանային Հանդիպում

ԼՕԽ-ի « Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի ակումբէն ներս կատարեց նախաճաշի ձեռնարկը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկհ, Մարիա Չոլաքեանի, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներու եւ հիւրերու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սօսի Յակոբեան…

Աւելին
«Մայրերու Օր»ուան Նուիրուած Ձեռարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ռաուտա) Ուրբաթ, 26 Մայիս 2017-ին, «Ռաուտա»յի հանդիսասրահին մէջ տօնեց «Մայրերու Օր»ը: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան, բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեանին, Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեանին, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն եւ հիւրերուն: Ան իր…

Աւելին
Փոքրիկներու Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

Սուրբ Զատկուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կացմակերպած փոքրիկներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2017-ին, Ռաուտայի ակումբի սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ փոքրիկները խանդավառութեամբ մասնակցեցան վարչութեան պատրաստած խաղերուն: Հիւրասիրութենէն ետք, անոնց բաժնուեցան գունաւոր հաւկիթներ, եւ տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ: Հասաւ ճերմակ նապաստակը: Ան խաղաց, պարեց, նկարուեցաւ փոքրիկներուն հետ եւ բաժնեց Զատկուան…

Աւելին
Տարեցներու Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

Սուրբ Զատկուան առիթով ԼՕԽի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեցներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 7 Ապրիլ 2017-ին: Ձեռնարկին ներկայ ծերերը ճաշակեցին վարչութեան ձեռամբ պատրաստուած ճաշերը, իսկ բացակայ ծերերուն ծրարները ընկերուհիները անձամբ տարին անոնց բնակարանները: Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ: Բոլորը ուրախ բաժնուեցան իրարմէ:

Աւելին
Ամանորի Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Հեղուշ Փափազեան» (Ռաուտա) մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Էհլան»ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի Ձեռնարկը: Ձեռնարկին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններէ ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ հիւրեր: Վարչութեան…

Աւելին
Մտերմիկ Հաւաքոյթ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի (Ռաուտա) վարչութեան, Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կայացաւ մտերմիկ հանդիպում մը շրջանի ակումբէն ներս: Հանդիպման նպատակը մասնաճիւղի անդամներուն եւ նորընտիր վարչութեան իրար ծանօթացումն էր, որուն ընթացքին տեղի ունեցան պատշաճ հիւրասիրութիւն եւ վիճակաձգութիւն:

Աւելին
Դաշտագնացութիւն

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» (Ռաուտա) մասնաճիւղի տարեկան դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Մայիս 2016-ին: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ռաուտայի կեդրոնէն փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պեքաա, այցելեցին Զահլէի Մարոնիթ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ յատուկ աղօթք մը, Արցախի մէջ, հին ու նոր զոհուած մեր հերոս մարտիկներու յիշատակին: Շարունակելով, խումբը հասաւ Քսարա գինիի գործարանը, ուր տեսերիզով մը բացատրութիւն տրուեցաւ, թէ…

Աւելին
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղը (Ռաուտա)Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ կը միտէր «Էհլան» շրջանին մէջ ապրող անկար եւ անտէր մամիկներն ու պապիկները ուրախացնել, ժպիտ մը սերմանելով անոնց դէմքերուն: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, շրջանի ակումբէն ներս, ներկայութեամբ ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի…

Աւելին
«Հեղուշ Փափազեան» Մասնաճիւղի Նախաճաշի ձեռնարկը

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան (Ռաուտա) կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի ակումբէն ներս, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Անի Թաշճեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն , որոնք քաջալերեցին ձեռնարկը…

Աւելին
ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի  դաշտագնացութիւնը (2015)

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2015-ին: Մասնակիցները առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ռաուտայի կեդրոնէն ուղղուեցան դէպի Պիքֆայա, այցելելու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աստուածածին Մայրավանք, մօտէն ծանօթանալու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան-կոթողներուն եւ աղօթելու մատրան մէջ: Ապա շարունակեցին դէպի Հըմլայա, այցելելու Ս. Րաֆքայի փոքր մատուռը (նախապէս…

Աւելին
Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ (2015)

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի (Ռաուտա) վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2015-ին, Ռաուտայի «Էհլան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հրաւիրեալներու: Սրահի մուտքին, վարչութիւնը ներկաները դիմաւորեց կարմիր վարդերով եւ վարչական ընկերուհիներուն պատրաստած ԼՕԽ-ի նշանակը կրող նուռեր նուիրելով: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկընդրութենէն ետք, վարչութեան…

Աւելին
Ս. Զատկուան Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան ( Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի ունեցաւ Զատկուան յատուկ ձեռնարկ, Ռաուտայի ակունբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ծնողներու, վարչական ընկերուհիներու եւ 40 փոքրիկներու: Յայտագիրը սկսաւ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեանի բացման խօսքով: Ան բարի գալուստ եւ զուարճութիւն մաղթեց բոլորին, ապա շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնը: Փոքրիկները…

Աւելին
«Հ. Փափազեան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 35-ամեակի Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 19 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռաուտայի «Էհլան» սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը հանդիսութեամբ մը նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակը: Սոյն առիթով, իր սրտի խօսքը փոխանցելու հրաւիրուած էր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Տէր Նորայր եպս. Աշըգեան: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ, շրջանի պատկան մարմնի…

Աւելին
Կաղանդի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Ռաուտայի», «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ ամանորի ձեռնարկը շրջանի ակումբէն ներս: ԼՕԽ-ի քայլերգը ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ յայտնեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին, ընկերուհիներուն եւ ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ-«երբեք ճիգ չենք խնայեր միշտ…

Աւելին
«Հ. Փափազեան» Մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը

ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» Մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2014-ին, «Շուշի»ակումբի սրահէն ներս: Լ.Օ.Խ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան: Հայկական երաժշտութեամբ ընթացաւ ձեռնարկը: Վիճակաձգութենէն ետք ընկերուհիները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն:

Աւելին
«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով`…

Աւելին
Հեղուշ Փափազեան Մասնաճիւղի «Մայրերու Օր»-ը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, երեքշաբթի, 7 մայիս 2013-ի կէսօրին, ԼՕԽ-ի Ռաուտայի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ շրջանի մայրերուն նուիրուած ձեռնարկ մը Ժտէյտէի «Ուէլ Քաֆէ»-ին մէջ: Իւրաքանչիւր ժամանողին նուիրուեցան փոքր անձեռոցներ` ի յարգանք մայրերուն: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն` վեր առաւ հայ մօր դերը հայ ընտանիքին…

Աւելին
Ընկերային Խրախճանք

ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղին վարչութիւնը կազմակերպեց նոր տարուանընկերային խրախճանք մը, 20 դեկտեմբեր 2012-ին, Ռաուտայի ակումբի սրահին մէջ: Մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւփոխանցեց, թէ տարիներու աւանդութիւն դարձած մանուկներու Կաղանդիձեռնարկին զուգահեռ, այս տարի եւս վարչութիւնը ամանորեայ հաւաքներկազմակերպած է: Ձեռնարկի ճաշերը պատրաստած եւ նուիրած էին վարչական ընկերուհիները:

Աւելին
ՀԵՂՈՒՇ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Հեղուշ Փափազեան մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 26 դեկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած մանուկներու ամանորեայ խրախճանքը։ Ձեռնարկը կատարուեցաւ Էհլանի սրահին մէջ, որ սիրով տրամադրուած էր սրահի պատասխանատու Անի Պուճիքանեանի կողմէ։ Շուրջ հարիւր փոքրիկներ իրենց ծնողներով լեցուցած էին սրահը՝ ներկաներուն թիւը հասցնելով…

Աւելին