Սուրբ Զատկուան առիթով, ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կացմակերպած փոքրիկներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Ապրիլ 2017-ին, Ռաուտայի ակումբի սրահին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ փոքրիկները խանդավառութեամբ մասնակցեցան վարչութեան պատրաստած խաղերուն: Հիւրասիրութենէն ետք, անոնց բաժնուեցան գունաւոր հաւկիթներ, եւ տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ:
Հասաւ ճերմակ նապաստակը: Ան խաղաց, պարեց, նկարուեցաւ փոքրիկներուն հետ եւ բաժնեց Զատկուան յատուկ տուրմէ հաւկիթներ:
Փոքրիկները ուրախ-զուարթ մեկնեցան տուն:




