Տարեցներու Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

Սուրբ Զատկուան առիթով ԼՕԽի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեցներու ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 7 Ապրիլ 2017-ին:
Ձեռնարկին ներկայ ծերերը ճաշակեցին վարչութեան ձեռամբ պատրաստուած ճաշերը, իսկ բացակայ ծերերուն ծրարները ընկերուհիները անձամբ տարին անոնց բնակարանները:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ:
Բոլորը ուրախ բաժնուեցան իրարմէ: